Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Կատարածը Ո՛չ Պարտականութիւն Է, Ո՛չ Ալ Պարտաւորութիւն, Այլ Միայն` Ծառայութիւն»

September 25, 2024
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ին Հաստատեց Ֆրեզնոյի Բժշկական
Առաքելութեան Նախագահ Պերճ Աբգարեան

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը իր յարկին տակ ընդունեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս, Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանը, որուն հետ ունեցաւ զրոյց մը` առաքելութեան աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին:

Նախքան առաքելութեան գործունէութեան անդրադառնալը` Պերճ Աբգարեան իր երախտիքի խօսքը ուղղեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ իր հայրական օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը շնորհած է արդէն երրորդ տարին ըլլալով Լիբանան եկած բժիշկներու խումբի կամաւոր աշխատանքին: Ան շեշտեց, որ այս իրողութիւնը իրեն եւ մասնակից բժիշկներուն համար խոր նշանակութիւն ունի: «Համահայկական եւ միջազգային հեղինակութիւն հանդիսացող վեհափառին հովանաւորութիւնը ունենալը մեր աշխատանքներուն արդիւնաւորման հիմնական  գրաւականն է», հաստատեց Աբգարեան:

Պատասխանելով այն հացումին, թէ` «Այս կամաւոր աշխատանքի ձեռնարկման համար ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպեցաք», Պերճ Աբգարեան ըսաւ, որ Լիբանան մեկնելու որոշումը դժուար տրուեցաւ` նկատի ունենալով երկրին կացութիւնը, զինուորական ու քաղաքական վերջին զարգացումները եւ այդ բոլորին լոյսին տակ ամերիկեան կառավարութեան` իր քաղաքացիներուն վտանգաւոր վայր հանդիսացող Լիբանան չմեկնելու զգուշացումը:

«Հակառակ այս հանգամանքներուն` մենք որոշեցինք գալ Լիբանան: Այդ որոշումը տատամսումներու չառաջնորդեց մեզ: Մեր հաստատ որոշումը` անպայման մեկնելու եւ առաքելութիւնը իրականացնելու, ներշնչեց ոչ միայն ազգութեամբ հայ, այլ նաեւ ամերիկացի բժիշկները, որոնք ծառայութեան ոգիով որոշեցին անպայման գալ Լիբանան», նշեց ան:

Առաքելութեան մղիչ պատճառը բնութագրելով` Պերճ Աբգարեան յայտնեց. «Մեր այս հաւաքական աշխատանքը ո՛չ պարտաւորութիւն է, ո՛չ ալ պարտականութիւն, այլ` ծառայութի՛ւն: Ծառայելու այս ինքնամղումն է, որ բոլորս համախմբած է, եւ կամաւոր աշխատանքները ամէն տարի կը շարունակուին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ: Լիբանանի մէջ նաեւ արդէն երրորդ անգամ ըլլալով կը յանձնուին բժշկական , դարմանման գործիքներ, պիտոյքներ նաեւ սուրիահայութեան` Բերիոյ թեմի առաջնորդարանին ճամբով:

«Մեր աշխատակեդրոնը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնն է, ուր երկրորդ տարին ըլլալով քննութեան, խորհրդատուութեան եւ դարմանումի կամ դեղորայքի հայթայթման աշխատանքները կ՛իրականացուին: Այստեղ անհրաժեշտ է նաեւ ողջունել ԼՕԽ-ի կառոյցին եւ անոր պատասխանատուներուն հետ մեր արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: Արձանագրենք, որ մեր առաքելութեան գործադաշտը կը ներառէ լիբանանահայ համայնքի հոգեւոր, ազգային եւ միութենական բոլոր շրջանակներն ու հաստատութիւնները:

«Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան հիմնական գործադաշտը հայրենիքն էր: Ժամանակի ընթացքին եւ պայմաններու բերումով, մենք անդրադարձանք, որ այս առաքելութիւնը հաւասարակշիռ ձեւով պէտք է տանիլ նաեւ Միջին Արեւելքի տագնապահար գաղութներուն համար: Եւ ուրախ ենք յայտարարելու, որ այս աշխատանքները արդէն հետեւողականութեամբ կը յաջողինք իրականացնել: Լիբանանը սփիւռքի կարեւորագոյն համայնքներէն մէկն է, որ այսօր յայտնուած է խոր դժուարութիւններու մէջ: Եւ մենք` գիտակից այս իրողութեան, կը ձգտինք առողջապահական մակարդակի վրայ օգտակար դառնալ ժողովուրդին:

«ԼՕԽ-ը, բարեսիրական միութիւնները հսկայական աշխատանք կը տանին: Աշխատանքները պէտք է ըլլան` թիրախային, արդիւնաւէտ, արհեստավարժ եւ արհեստագիտութեան բոլոր արդի միջոցներուն օգտագործումով, նպատակային եւ հեռանկարային», եզրափակեց Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահը:

Նախորդը

Պատերազմ Հըզպալլայի՞, Թէ՞ Լիբանանի Դէմ

Յաջորդը

Առնոլտ Մտադիր Է Ձեռք Ձգել Նանթ Ակումբը

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.