Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ վտանգաւոր զարգացումներուն նկատմամբ խոր մտահոգութիւն կը զգանք»:
«19 սեպտեմբերին իսրայէլեան օդանաւերը հարաւային Լիբանանի մէջ շարք մը շրջաններու վրայ բուռն յարձակումներ գործեցին, եւ նախքան այդ, 17 եւ 18 սեպտեմբերին, իրերայաջորդ երկու օրերու ընթացքին Լիբանանը ենթարկուեցաւ աննախադէպ ահաբեկչական յարձակումներու, որոնք ելեկտրոնային յարձակումներ էին», ըսաւ Զախարովա:
«Ասիկա միջազգային հանրութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ դէպք է, եւ նախապէս այդպիսի բան չէ պատահած: Արձանագրուեցան ահաբեկչական յարձակումներ, որոնք դժբախտաբար մեծաթիւ կեանքեր խլեցին, եւ անոնց պատճառով մեծ թիւով մարդիկ վնասուեցան, սակայն ամբողջովին նոր եղող այսպիսի ահաբեկչական արարքները, որոնք այս ծաւալը ունին ու կը գործածեն նոր ճարտարագիտութիւններ, քաղաքային կը թուին, սակայն ահաբեկչական նպատակներու համար կ՛օգտագործուին», նշեց ան:
«Մենք համոզուած ենք, որ Լիբանանի վրայ լայնածաւալ զինուորական գործողութեան մը շղթայազերծումը ամբողջ Միջին Արեւելքի անվտանգութեան վրայ քանդիչ հետեւանքներ պիտի ունենայ, եւ պէտք է խուսափիլ այդպիսի աղէտալի բեմագրութենէ մը», շեշտեց Զախարովա:
«Մենք առնչակից կողմերուն անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք` առաւելագոյն ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ դադրեցնելու թշնամական արարքները: Մենք պատրաստ ենք շրջանային գործընկերներու հետ սերտօրէն գործակցելու` լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ զինուորաքաղաքական կացութիւնը կայունացնելու համար», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Զախարովա լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ Ռուսիոյ կարեկցանքը արտայայտեց` նշելով. «Մենք կը կարեկցինք զոհերու հարազատներուն եւ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք, եւ անգամ մը եւս ուշադրութեան կը յանձնենք դէպքին բոլոր հանգամանքներուն ծանօթանալու կարեւորութիւնը»:


