Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Լիբանանի Մէջ Վերջին Զարգացումներու Հարցով Ապահովութեան Խորհուրդի Արտակարգ Նիստ

September 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ Ալճերիան Լիբանանի խնդրանքով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի հրաւիրեց` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ վերջին վտանգաւոր զարգացումները, մասնաւորաբար ելեկտրոնային լայնածաւալ յարձակումը:

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Աթթաֆ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր լիբանանցի պաշտօնակից Ապտալլա Պու Հապիպի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ելեկտրոնային յարձակումի զոհերուն համար:

Աթթաֆ «Ալճերիոյ Լիբանանի նկատմամբ ամբողջական զօրակցութիւնն ու անոր անվտանգութեան ու կայունութեան վրայ իսրայէլեան շարունակուող եւ իրերայաջորդ յարձակումներուն հետեւանքով դժուար պայմաններուն մէջ անոր կողքին կանգնիլը արտայայտեց»:

Ան ըսաւ, որ Ալճերիան` իբրեւ Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ, պիտի շարունակէ Լիբանանի դիրքորոշումը, գերիշխանութիւնն ու կենսական շահերը պաշտպանել ընդդէմ մէկէ աւելի ոլորտի մէջ եւ շրջանին մէջ մէկէ աւելի ուղղութեամբ իսրայէլեան կանոնաւոր մագլցումին:

Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի երեկոյեան անթել հաղորդակցութեան սարքերու պայթումները Լիբանանի մէջ 20 զոհ եւ աւելի քան 400 վիրաւորներ պատճառած էին, իսկ մէկ օր առաջ «Փէյճըր»-ներու պայթումները` 12 զոհ եւ 2700-էն 2800-ի միջեւ վիրաւորներ:

Նշենք, որ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկիրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Նիւ Եորք, ուր ուրբաթ կէսօրէ ետք պիտի մասնակցի Լիբանանի մէջ վերջին զարգացումներուն շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի ներկայացուցիչ Ալի Պահրէյնի շեշտեց. «Իրան կը հետեւի Լիբանանի մէջ իր դեսպանին վրայ յարձակումին եւ ինքնիրեն կը վերապահէ հակադարձութեան քայլեր որդեգրելու իրաւունքը»:

«ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսն ու Ապահովութեան խորհուրդը կը յորդորենք դատապարտելու Պէյրութի մէջ մեր պատուիրակին վրայ իսրայէլեան ահաբեկչական յարձակումը», նշեց ան:

Նախորդը

Կալանթ. «Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Լուծման Կարելիութիւնները Կը Չքանան»

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Այն, Ինչ Որ Երեքշաբթի Եւ Չորեքշաբթի Օր Տեղի Ունեցաւ, Արդար Պատիժի Եւ Մեծ Հաշուետուութեան Պիտի Արժանանայ, Եւ Ժամկէտին Կամ Վայրին Մասին Պիտի Չխօսիմ»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.