Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան 18 Կէտերէն 15-ը Համաձայնեցուած Են»

September 19, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի նախագահութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: Անոնք համաձայնած են աշխուժացնելու հանդարտեցման ու մագլցումի նուազեցման հասարակաց ջանքերը:

«Սիսի Պլինքընին փոխանցեց տագնապը մագլցումի մղելու եւ անոր ծիրը շրջանին մէջ տարածելու փորձերու մերժումը», նշեց Եգիպտոսի նախագահական պալատը:

Պլինքըն Գահիրէ իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ նաեւ իր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի հետ: Վերջինս հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Շրջանին մէջ տագնապի սիրտը Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումի շարունակումն է»:

«Պէտք է կեդրոնանալ յարձակումի դադրեցման վրայ եւ հասնիլ անմիջական զինադադարի», ըսաւ ան` նշելով. «Պլինքընի հետ քննարկեցի եթովպիական «Նահտա» ամբարտակին շուրջ համաձայնութիւն հասնելու եւ Եգիպտոսին վնաս չպատճառելու կարեւորութիւնը»:

«Քննարկեցինք շրջանը զանգուածային քանդումի զէնքերէ դատարկելով Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան կարեւորութիւնը», ըսաւ եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:

Պլինքըն իր կարգին ըսաւ. «Զինադադարը Կազայի մէջ մարդասիրական տագնապի լուծման եւ շրջանային կայունութեան քայքայման վտանգներու դիմակայման լաւագոյն միջոցն է»:

Ան շեշտեց, որ Եգիպտոսը Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման համաձայնութեան հասնելու ջանքերուն մէջ հիմնական գործընկեր է, «եւ կը շարունակենք քաթարեան կողմին հետ աշխատիլ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան հասնելու համար»:

«Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան 18 կէտերէն 15-ը համաձայնեցուած են, սակայն առկախ հարցերը լուծումի կը կարօտին», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Նախորդը

«Ռուսիան Ազրպէյճանի Հետ Միջանցքներու Եւ Հաղորդակցութիւններու Հարցին Մէջ Կ՛աջակցի Իրանի Քաղաքականութեան» Թեհրանի Մէջ Կ՛ըսէ Շոյկու

Յաջորդը

«Երկխօսութեան Այլընտրանք Չկայ» Ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.