Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ-Մելոնի Հանդիպում

September 7, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հռոմի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճա Մելոնիի հանդիպումը: Անոնք քննարկած են Իտալիա-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Միտքերու լայն փոխանակում ծաւալած է երկիրներու միջեւ երկկողմանի առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման, մասնաւորաբար` արդիւնաբերական եւ ուժանիւթային, ինչպէս նաեւ մարդասիրական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ կապերու զարգացման հարցերու շուրջ:

Մելոնի շնորհակալութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի կողմէ Ուքրանիոյ ցուցաբերուող մարդասիրական օգնութեան համար եւ ընդգծած այս հարցին մէջ Ազրպէյճանի դերը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Ալիեւին ՔՈՓ29-ի հրաւէրին համար եւ ընդգծած, որ ուրախ պիտի ըլլայ մասնակցելու այդ խորհրդաժողովին: Մելոնի ըսած է, որ իր երկիրը պատրաստ է Ազրպէյճանին տրամադրելու ամէն  անհրաժեշտ աջակցութիւն ՔՈՓ29-ի յաջող կայացման համար:

Զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ նշուած է, որ իտալական «Էնի Էս.Փի.Էյ.» ընկերութեան եւ ՍՈՔԱՐ-ի համագործակցութեան նոր ոլորտներ գտնուած են, միտքեր փոխանակուած են երրորդ երկիրներու մէջ համատեղ նախագիծերուն մէջ այդ ընկերութիւններու մասնակցութեան վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուած է նաեւ երրորդ երկիրներու մէջ միացեալ ներդրումային նախագիծերուն Ազրպէյճանի եւ Իտալիոյ մասնակցութեան հարցը: Ընդգծուած է Միջին միջանցքի նշանակութիւնը, քննարկուած են իտալական ընկերութիւններուն կողմէ այս միջանցքի կարելիութիւնները օգտագործելու հեռանկարները:

Անդրադարձ կատարուած է տնտեսական համագործակցութեան Իտալիա-Ազրպէյճան յանձնախումբի դերին, համաձայնութիւն ձեռք բերուած է յաջորդ տարի յանձնախումբի նիստ գումարելու: Ալիեւ Մելոնին պաշտօնական այցելութեամբ հրաւիրած է Ազրպէյճան: Վերջինս գոհունակութեամբ ընդունած է հրաւէրը:

Իտալիոյ վարչապետի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց. «Իտալիոյ վարչապետը վերահաստատած է Հռոմի հաւատարմութիւնը Կովկասեան շրջանի կայունութեան ու բարգաւաճման եւ աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման` կայուն խաղաղութեան հասնելու նպատակով»:

Մելոնի նաեւ նշած է Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Ալիեւ Իտալիոյ Չեռնոպիօ քաղաքին մէջ ընթացող միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է. «Իտալիան աշխարհի վրայ Ազրպէյճանի թիւ մէկ առեւտրական գործընկերն է»:

«Անցեալ տարի մեր ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է 16 միլիառ տոլար: Ոչ միայն ուժանիւթի ոլորտին մէջ, այլ նաեւ այլ ոլորտներու մէջ Ազրպէյճանը Իտալիոյ մէջ քարիւղի թիւ մէկ եւ կազի թիւ երկու մատակարարն է: Ասիկա մեր համագործակցութեան կարեւոր ոլորտն է», ըսած է ան:

Ալիեւ պատասխանելով լրագրողներու հարցումին նաեւ յայտնած է, որ Ազրպէյճան կրնայ մասնակցութիւն ունենալ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապի լուծման մէջ:

«Ամբողջովին իրագործելի է կարելիութիւնը, որ Ազրպէյճան մասնակցի տագնապի լուծման: Նախ, հաշուի առնելով, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ միասին 70 տարի եղած ենք Խորհրդային Միութեան մաս, մենք բազմակողմանի կապեր կը պահենք անձնական հաղորդակցութիւններու եւ քաղաքական մակարդակի մէջ: Մենք վճռականօրէն կ՛աջակցինք Ուքրանիոյ եւ բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան: Միեւնոյն ժամանակ, մենք չենք եղած եւ չենք ըլլար ռուսական պատժամիջոցային արշաւի մաս», ըսած է Ալիեւ:

Նախորդը

Օրպան. «Ազրպէյճանը Շրջանի Անվտանգութեան Ապահովման Գործին Մէջ Հիանալի Օրինակ Է»

Յաջորդը

Սաֆատի. «Այսրյորդանանի Պաղեստինցիները Յորդանան Արտաքսելու Որեւէ Փորձ Համազօր Է Մեր Երկրին Դէմ Պատերազմի Յայտարարման»

RelatedPosts

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք,  Թէ Իրանի Վերաբերեալ Ի՛նչ Պիտի Կատարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք, Թէ Իրանի Վերաբերեալ Ի՛նչ Պիտի Կատարուի»

October 2, 2026
Նեթանիահու. «Տակաւին Կանուխ Է  «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքին Իրանեան  Մեղսակցութեան Գոյութիւնը Հաստատելու»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Տակաւին Կանուխ Է «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքին Իրանեան Մեղսակցութեան Գոյութիւնը Հաստատելու»

October 2, 2026
«Թշնամիի Ճամբարին Կողմէ Որեւէ Նոր Սխալ  Կամ Յարձակում Կարծր Պատասխանի Պիտի Արժանանայ»  Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը
Միջազգային

«Իրաքէն Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումը Պատմական Յաղթանակ է Եւ Արեւմտեան Ասիոյ Բոլոր Կողմերէն Անոնց Հեռացման Նախաքայլն Է» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.