Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Քննադատած Է Մոնկոլիան` Փութինը Չձերբակալելուն Համար

September 4, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ իշխանութիւնները քննադատած են Մոնկոլիոյ կառավարութիւնը` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի այցելութեան պատճառով: Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Կէորկի Թիխին ըսած է, որ Մոնկոլիան Փութինին կ՛օգնէ խուսափելու արդարադատութենէն: Այս մասին հաղորդեց գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը:

«Մոնկոլիոյ կառավարութեան կողմէ Փութինի նկատմամբ Միջազգային քրէական դատարանի պարտադիր ձերբակալման հրամանը չկատարելը ծանր հարուած է Միջազգային քրէական դատարանին եւ միջազգային քրէական օրէնքի համակարգին:

«Մոնկոլիան մեղադրեալ յանցագործին արտօնութիւն տուաւ փախչիլ արդարադատութենէն` ատով իսկ կիսելով անոր զինուորական յանցագործութիւններու պատասխանատուութիւնը: Մենք պիտի համագործակցինք գործընկերներու հետ` երաշխաւորելու, որ ատիկա հետեւանքներ ունենայ Ուլան Պաթորի համար», կը նշուի Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երկուշաբթի գիշեր մեկնած էր Մոնկոլիա` մասնակցելու համար Ճափոնի վրայ խորհրդային եւ մոնկոլական զինեալ ուժերու յաղթանակի 85-ամեակի տօնակատարութիւններուն:

Փութինի օդանաւը էջք կատարած է Մոնկոլիոյ մայրաքաղաք Ուլան Պաթոր: Ասիկա 2023-էն ի վեր անոր առաջին ուղեւորութիւնն է երկիր մը, որ ստորագրած է Հռոմի կանոնադրութիւնը եւ կ՛ընդունի Միջազգային քրէական դատարանի իրաւասութիւնը: Դատարանը մարտ 2023-ին Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրամանագիր հրապարակած էր: Սակայն Մոնկոլիոյ մէջ Փութինը կալանաւորելու փոխարէն դիմաւորած են պատուոյ պահակախումբով:

 

Նախորդը

Իզմիրի Մէջ Յարձակում` Ամերիկացի Զինուորներու Վրայ

Յաջորդը

Հուսիները Կարմիր Ծովուն Մէջ Յարձակում Գործած Են Երկու Քարիւղատար Նաւերու Վրայ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.