Եմէնի հուսիներու Անսարուլլա շարժումը հականաւային հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր օգտագործած է Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկող «Պլու Լակուն 1» քարիւղատար նաւուն վրայ յարձակում գործելու համար: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ անիկա Փանամայի դրօշին տակ հում քարիւղ կը փոխադրէր:
Անսարուլլայի զինուորական բանբեր Եահիա Սարիհ յայտնեց, որ «Պլու Լակուն 1»-ի սեփականատէրը խախտած է բռնագրաւեալ Պաղեստինի նաւահանգիստներ այցելելու արգելքը:
Միացեալ Նահանգներու բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ հուսիները Փանամայի դրօշը բարձրացուցած եւ Յունաստանի կողմէ ղեկավարուող «Պլու Լակուն 1» եւ սէուտական դրօշը բարձրացուցած ու թագաւորութեան պատկանող եւ անոր կողմէ ղեկավարուող «Ամժատ» քարիւղատար նաւերուն վրայ երկու թեւաւոր հրթիռներով եւ մէկ անօդաչու թռչող սարքով յարձակում գործած են, այդ պատճառով երկու նաւերն ալ վնասուած են:
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի աղբիւրներուն, երկու նաւերն ալ նաւարկած են կողք-կողքի եւ յարձակումէն ետք «առանց լուրջ վնասներու» շարունակած են իրենց նաւարկութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը նաեւ նշեց, որ այժմ ջանք կը թափուի փրկելու Կարմիր ծովու հարաւը գտնուող «Տելթա Սոնիոն» նաւը, որ խանգարուած է եւ որուն վրայ յառաջացած հրդեհը տակաւին չէ մարած, ինչ որ կենսոլորտային մեծ աղէտի մը վտանգը կը ստեղծէ: