Իզմիրի մէկ թաղին մէջ ամերիկացի երկու զինուորներու վրայ յարձակումի պատճառով 15 անձեր ձերբակալուեցան: Այս մասին հաղորդեցին Իզմիրի կառավարիչի գրասենեակն ու Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:
Իզմիրի կառավարիչի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ թրքական ազգայնական Վաթան կուսակցութեան երիտասարդական թեւը եղող Թուրք երիտասարդներու միութեան անդամներ Քոնաք շրջանին մէջ ֆիզիքական յարձակումի ենթարկած են քաղաքային հագուստներով ամերիկացի երկու զինուորներ:
Ան յայտնեց, որ տեղի ունեցած իրադարձութիւնը նշմարելէ ետք 5 ամերիկացի զինուորներ միջամտած են, ապա ոստիկանութիւնը միջամտած է, ձերբակալած յարձակումին հեղինակ 15 անձերը եւ դէպքին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկած:
Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն «նեղացած» է յարձակումին պատճառով, սակայն աւելցուց, որ Սպիտակ տունը «կը գնահատէ այն, որ թրքական ոստիկանութիւնը այս դէպքը լուրջի կ՛առնէ եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կ՛ենթարկէ»:
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաստատեց յարձակումին լուրը` նշելով, որ «Ուասպ» մարտանաւին վրայ ծառայող ամերիկացի զինուորները այժմ ապահով են:
Նախքան այդ, Թուրք երիտասարդներու միութիւնը «Էքս»-ի վրայ հրապարակած էր տեսերիզ մը, որուն մէջ կ՛երեւին խումբ մը մարդիկ, որոնք անձ մը բռնած են եւ անոր գլխուն ճերմակ կտորէ տոպրակ կ՛անցընեն:
Թուրք երիտասարդներու միութիւնը յայտնեց. «Իրենց ձեռքերը մեր զինուորներու եւ հազարաւոր պաղեստինցիներու արիւնով ներկուած ամերիկացի զինուորները չեն կրնար մեր երկիրը սրբապղծել: Ամէն անգամ, որ ձեր ոտքերը այս հողին կոխեն, ձեզ պիտի դիմաւորենք ձեր արժանի եղած ձեւով»:
Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը նախապէս հաղորդած էր, որ «Ուասպ» յարձակողական նաւը այս շաբթուան մէջ Եգէականի ծովեզերքը եղող Իզմիր քաղաք պիտի այցելէ: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարած էր, որ մարտանաւը 1-5 սեպտեմբերին Իզմիրի նաւահանգիստին մէջ պիտի ըլլայ:
Մարտանաւը շրջան ուղարկուած է Իսրայէլը պաշտպանելու նպատակով: