Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի. «Գաղթականներու Հարցերու Բարձրագոյն Յանձնակատարութիւնը Սուրիացիներուն Լիբանանէն Դուրս Գալը Կը Մերժէ Եւ Կառավարութեան Չ՛ընդառաջեր»

September 4, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ Հըզպալլայի իր զինուորական պատասխանատու Ֆուատ Շուքրի ահաբեկման հակադարձութիւնը պատրաստութիւններու ծաւալին, Լիբանանի ապրած մտավախութեան կամ վերլուծումներու ծաւալին համահունչ չէր` նշելով, որ այս ձեւով հակադարձելը փաստ է, որ բոլոր լիբանանցիները չեն փափաքիր մեծ կամ համապարփակ պատերազմի մէջ մտնել, որուն հետեւանքներուն Լիբանան չի կրնար տոկալ, ուստի Լիբանանի կողմէ որոշ ինքնազսպում մը գոյութիւն ունի: Ան այս մասին յայտնեց «Հուրրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը հերքեց, թէ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ տարակարծութիւններ ունի: Ան շեշտեց ապահովական մարմիններուն ու զինուորական կառոյցներուն ներկայ փուլին իրենց դերի շարունակման կարեւորութիւնը` նշելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակին առջեւ մեծ առաքելութիւն գոյութիւն ունի:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարին` Մաուլաուի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին պէտք եղած բոլոր ջանքերը կը թափէ այդ գործընթացը ներքին մակարդակի վրայ կատարելու, եւ պէտք է քայլ պահել Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի կարելի եղածին չափ շուտ նախագահ ընտրելու աշխատանքին հետ, սակայն եթէ ընտրութիւն տեղի չունենայ, կառավարութիւնը, խորհրդարանը կամ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է օրինական ու անհրաժեշտ բոլոր քայլերը առնեն` զօրացնելու համար բանակը եւ անոր պէտք եղած աջակցութիւնը տան, եւ զայն պաշտպանեն դատարկութեան վիճակէն:

Ինչ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներու հարցին, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ Լիբանանը ներգաղթի երկիր չէ` նշելով, որ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բարձրագոյն յանձնակատարութիւնը սուրիացիներուն Լիբանանէն դուրս գալը կը մերժէ եւ չ՛ընդառաջեր կառավարութեան, սուրիացի տեղահանուածներու տուեալներու կամ ցուցակի փոխանցման եւ այլ հարցերու մէջ:

Մաուլաուի խօսեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան ջանքերուն եւ «Բ.» ծրագիրին մասին` շեշտելով. «Չենք ընդունիր Լիբանանը ո՛չ արաբներուն, ո՛չ Արեւմուտքին, ո՛չ ալ ոեւէ մէկուն ծախել: Լիբանանը լիբանանցիներուն է, եւ իւրայատկութիւնը ունի, որ պէտք է յարգել զայն պահպանելու համար»:

Նախորդը

Ապտալլա. «Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքը Կը Շարունակէ Դէպի Ներքին Կարգաւորում Մղել»

Յաջորդը

Պըրրի. «Նախաձեռնութիւնս Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Նախագահի Ընտրութեան Ճամբան Կը Բանայ, Եւ Գնդակը Բոլոր Կողմերուն Դաշտին Մէջ Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.