Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Ազգային Խումբը Շահեցաւ Ապու Տապիի Մրցաշարքը

September 3, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային խումբը յաջողութեամբ աւարտեց իր մասնակցութիւնը Ապու Տապիի միջազգային մրցաշարքին:

Աւարտական մրցումին, Հայաստան պարտութեան մատնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  87-81 արդիւնքով եւ շահեցաւ մրցաշարքի տիտղոսը:

Հայաստան, որ փորձառական խումբով մեկնած էր Ապու Տապի, բաւական դժուար սկսելէ ետք մրցաշարքը, հետզհետէ բարելաւեց իր խաղը եւ կրցաւ շահիլ տիտղոսը:

Շարժայի դէմ 82-100 արդիւնքով պարտութիւն մը` բացման մրցումին, ապա պարտութիւն մը եւս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ խմբակներու մրցումին (107-92):

Քառորդ աւարտականին հասնելէ ետք, հայրենի մարզիկները 108-84 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Ուահտէի դէմ մրցումին, որմէ ետք Հայաստանի ազգային խումբը կրցաւ յաղթել Զաֆրայի` 106-99 արդիւնքով, կիսաւարտականին:

Աւարտականին, ինչպէս նշեցինք, մրցակիցը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբն էր, եւ այս անգամ Հայաստան եղաւ յաղթականը:

Այս մրցումին լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Արտեոմ Թաւաքալեան: Հայաստանի խումբին մաս կազմեցին Կարէն Մելիքեան, Եուրա Մելիքեան, Սամուէլ Գէորգեան, Տիգրան Մկրտումեան, Մարաթ Միքայէլեան, Ալպերթ Թադեւոսեան, Արտեոմ Թաւաքալեան, Արայիկ Գէորգեան, Տանիէլ Կիրակոսեան, Ալեքսի Չիժենոք եւ Սասուն Կերպոյեան:

Հաւաքականի մարզիչ Գէորգ Ղազանչեան ըսաւ. «Մենք բազմաթիւ պատճառներով լաւ չսկսանք մրցաշարքը, բայց մրցումէ մրցում մենք մեզի բարելաւեցինք, եւ այդ ամէնը ի վերջոյ տուաւ իր արդիւնքը: Կը գնահատեմ դրական արդիւնքը, եւ աւարտական մրցումը մեր լաւագոյն ելոյթն էր մրցաշարքին: Նախորդ մրցումներուն պաշտպանողական որոշ հարցեր կային, բայց աւարտականին տղաքը իրենց լաւագոյնը տուին: Եթէ այլ ձեւով խաղայինք, չէինք կրնար յաղթել: Մեր ուժը խմբային խաղարկութեան մէջ էր: Բոլոր մարզիկներն ալ իրենց ներդրումը ունեցան այս մրցաշարքին: Չեմ ուզեր ոեւէ մարզիկի անուն նշել, միայն ըսեմ, որ մեր նպատակին հասանք»:

Նախորդը

Նշանառութիւն. Գոռ Խաչատրեան – Գոհար Յարութիւնեան Զոյգը` Եւրոպայի Ախոյեան

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Յաղթեց Եունայթըտի Դաշտին Վրայ. Պարսելոնա Կը Սուրայ

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր.  Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր. Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

October 17, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ

October 17, 2026
Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…
Մարզական

Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.