Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 2, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի շաբաթ օր այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ու շրջանի ընդհանուր կացութիւնը եւ Լիբանանի ու Սէուտական Արաբիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

«Ժատիտ»-ի համաձայն, հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է նախագահի ընտրութեան թղթածրարը: Դեսպանը հանդիպումէն ետք մեկնած է Ռիատ, ուր կ՛այցելէ նաեւ Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան:

«Ժատիտ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, եթէ Ռիատի մէջ հանդիպումը դրական կէտերու յանգի, Լը Տրիան նաեւ Պէյրութ պիտի այցելէ:

– ԱՐԱԲԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած է, թէ ըստ իր տրամադրութեան տակ գտնուող տուեալներուն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակը նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մէջ բեկում մը յառաջացնէ նախքան տարեվերջը, եւ թերեւս Լիբանանի անկախութեան տօնին, Ս. Ծնունդի տօնին կամ Նոր տարուան օրը, եւ եթէ նախագահի ընտրութեան գործընթացը մինչեւ այդ ժամկէտը չկատարուի, ապա տագնապը մէկ տարի եւս պիտի երկարաձգուի, եւ հաստատօրէն բանակի հրամանատարի ու մնացեալ ապահովական մարմիններու հրամանատարներու պաշտօնավարման երկարաձգում պիտի ըլլայ եւ Կեդրոնական դրամատունը պաշտօնակատարի ճամբով պիտի շարունակուի կառավարուիլ:

– ՌՈՒՍԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Իսրայէլ չի կրնար Համաս շարժումն ու Հըզպալլան ոչնչացնել, որովհետեւ անոնք պաղեստինցի եւ լիբանանցի ժողովուրդին մէկ մասն են:

– ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են. «Այսրյորդանանի մէջ ուժերու տեղակայումը ի վնաս ուժերը դէպի հիւսիս փոխադրելու ծրագիրին եղաւ»:

«Այսրյորդանանի գործողութիւնը պիտի չարտօնէ արդիականացնել պատերազմի նպատակները, որոնք հիւսիսի բնակիչներու տունդարձը կը ներառեն», աւելցուցած են աղբիւրները:

– «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն հրաժարած երեսփոխանները մտադիր են յառաջիկայ օրերուն այցելելու Պքերքէ, հանդիպում ունենալու համար մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ, եւ անոնք հրապարակային ելոյթ պիտի ունենան «բացատրելու համար բոլոր խնդիրները»:

 

Նախորդը

6 Իսրայէլացի Գերիներու Դիակներու Յայտնաբերումէն Ետք. Իսրայէլի Մէջ Զայրոյթ Նեթանիահուի Դէմ

Յաջորդը

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Զգուշացուց Այսրյորդանանի Մէջ Իսրայէլեան Մալգցումին Վտանգէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.