Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ Իր Մղած Պատերազմին Մէջ Երբեք Պիտի Չյաջողի»

August 28, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դատապարտեց «ուքրանական ելեկտրականութեան ցանցին վրայ Ռուսիոյ շղթայազերծած ամօթալի յարձակումը»:

«Ռուսիան երբեք պիտի չյաջողի իր դրացիին դէմ մղած պատերազմին մէջ», ըսաւ ան` խոստանալով շարունակել Քիեւին աջակցութեան տրամադրումը:

Պայտըն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Խստագոյն կերպով կը դատապարտեմ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի շարունակութիւնն ու ուքրանացի ժողովուրդը խաւարի մատնելու անոր ջանքերը»:

«Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ երբեք պիտի չյաջողի, եւ ուքրանացի ժողովուրդին ոգին երբեք պիտի չկոտրուի» նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիան երկուշաբթի օր հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով ամիսներէ ի վեր իր մեծագոյն յարձակումը շղթայազերծելով հարուածած էր Ուքրանիոյ մէջ ելեկտրականութեան կառոյցները` պատճառելով չորս զոհ եւ հարուածելով ելեկտրականութեան ցանցը, որ արդէն իսկ պատերազմին պատճառով վնասուած էր:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ Ուքրանիան պիտի պատասխանէ Ռուսիոյ կողմէ երկրի տարբեր շրջաններու զանգուածային հրթիռակոծման:

Զելենսքի «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց. «Այս եւ մնացեալ բոլոր յարձակումներուն համար մենք անպայման պիտի պատասխանենք Ռուսիոյ: Մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները անպատիժ չեն կրնար մնալ»:

Ան յայտնեց, որ գիշերը Ռուսիոյ կողմէ յարձակումի ենթարկուած շրջաններուն մէջ տակաւին փրկարարական աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան` աւելցնելով, որ զոհերուն թիւը հասած է 4-ի, իսկ վիրաւորներունը` 16-ի:

 

Նախորդը

Խամենէի Ընդունեց Փեզեշքիանն Ու Կառավարութեան Անդամները

Յաջորդը

Վոլոտին. «Պայտըն Կ՛ուզէ Նախագահական Ընտրութենէն Առաջ Վերահսկողութեան Տակ Առնել «Թելեկրամ»-ը»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.