Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քըրպի. «Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ Հետ Կը Քննարկեն Ամերիկեան Սպառազինութեամբ Ռուսիոյ Տարածքի Վրայ Հարուածներու Խորութեան Յաւելման Հեռանկարները»

August 26, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ հետ կը քննարկեն ամերիկեան սպառազինութեամբ Ռուսիոյ տարածքին վրայ հարուածներու խորութեան յաւելման հեռանկարները:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի զինուորական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի:

«Մենք տակաւին կը շարունակենք խօսակցութիւնները անոնց հետ», լրագրողներու համար հերթական առցանց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Քըրպի:

Միեւնոյն ժամանակ, Քըրպի աւելցուցած է, որ այս ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մէջ տակաւին փոփոխութիւններ չկան:

«Ես այսօր ոչինչ ունիմ ըսելիք քաղաքականութեան մէջ այս կամ այն ուղղութեամբ որեւէ տեղաշարժի մասին», պնդած է Սպիտակ տան ներկայացուցիչը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քըրպի յայտնած է, թէ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի Ուքրանիա այցելութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ:

«Հնդկաստանը Միացեալ Նահանգներու ուժեղ գործընկերն է, ինչպէս նաեւ անձամբ վարչապետը: Անոր այցելութիւնը Քիեւ եւ Զելենսքիի հետ զրոյցը, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս պիտի աւարտի այս ամէնը, եթէ ատիկա օգնէ դէպի տագնապի աւարտ շարժիլ, համահունչ պիտի ըլլայ տեսլականին…», ըսած է Քըրպի:

Հնդկաստանի վարչապետը ուրբաթ օր միօրեայ պատմական այցելութեամբ հասած էր Քիեւ: Ան նախապէս յայտարարած էր, որ Հնդկաստանն ու անձամբ ինքը պատրաստ են ներդրում ունենալու եւ որեւէ դեր խաղալու Ուքրանիոյ մէջ տագնապը աւարտելու համար:

Նախորդը

Հունգարիան Կը Սպառնայ Գաղթականներուն Դէպի Պրիւքսել Անվճար Տոմս Տալ

Յաջորդը

«Զեկուցումները Ցոյց Կու Տան, Որ Հանիէի Ահաբեկման Մէջ Ներքին Տարրեր Մեղսակից Չեն» Կ՛ըսէ Իրանեան Հետախուզութեան Նախարարը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.