Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 22, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՓՈՒՌԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Անթուան Սէյֆ «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Ճերմակ հացի կապը սեպտեմբերի կիսուն 15 հազար լ.ո. պիտի բարձրանայ եւ դառնայ 70 հազար լ.ո.»:

Սէյֆ նշեց, որ այս քայլին պատճառը «գինին աջակցութեան վերացումն ու աշխատաւորներու աշխատավարձի բարձրացումն է»:

– ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին կը յայտնեն, թէ լիբանանեան արդարադատութիւնը որոշած է ելեկտրականութեան տագնապին շուրջ հետաքննութիւն կատարել եւ այդ ծիրին մէջ իրենց վկայութիւնները լսելու համար պիտի կանչէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան վարչական խորհուրդի նախագահ Քամալ Հայեքն ու խորհուրդի այլ անդամները, եւ թերեւս նոյնիսկ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատն ու նախարարութեան այլ պաշտօնատարներ:

– ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Պէյթ Լիֆի մէջ ինքնաշարժ մը թիրախաւորած իսրայէլեան օդային յարձակումին պատճառով լիբանանցի քաղաքային մը նահատակուած է, իսկ Ուազզանի գիւղին վրայ իսրայէլեան ռմբակոծման պատճառով` սուրիացի երիտասարդ մը:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը յայտարարեց. «Հըզպալլան անկանոն կերպով քաղաքայիններու ուղղութեամբ ռումբեր կ՛արձակէ, եւ պիտի պաշտպանենք մեր քաղաքացիները»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Սայտայի մէջ յարձակում գործեց ինքնաշարժի մը վրայ` ահաբեկելով պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի զինուորական թեւին` Աքսայի նահատակներու Լիբանանի հրամանատար Մունիր Մաքտահի եղբայր Խալիլ Մաքտահը:

Մունիր Մաքտահ նշեց. «Ահաբեկումները մեզ կը զօրացնեն»: Ան յայտնեց, որ իր եղբայրը Աքսայի նահատակներու փաղանգներուն մէջ գնդապետ-զօրավար է:

Ան «Մայատին»-ին յայտնեց. «Դիմադրութիւնը տակաւին գետնի վրայ տոկուն է»:

– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ պատկերասփռուած զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Բանակցութիւններուն հետ ուղղակի կապ ունեցող պաշտօնատարներէն տեղեկութիւն ստացայ, թէ պատերազմը քանի մը օրէն կամ ժամէն պիտի ծագի»:

«Եթէ Կազայի վերաբերեալ բանակցութիւնները յառաջընթաց արձանագրէին, «պայթումը» որոշ չափով վնասազերծած կ՛ըլլայինք», նշեց ան` աւելցնելով. «Ռուսիան Սուրիոյ արգիլեց պատերազմին ներքաշուիլ»:

Համատէ ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ տեղի պիտի չունենայ, սակայն որեւէ միջամտութիւն կամ լիբանանեան հողի վրայ տեղահանութեան նման ճնշում մը կրնայ փոխել գոյութիւն ունեցած քաղաքական աշխարհագրութիւնը:

– ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մնայուն համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Ալֆրետ Ռիաշի նշեց. «Իրարանցումը արգիլելու համար, կ՛ուզենք բանակցութիւններու կեդրոնի սիրտէն լիբանանցիներուն վստահեցնել, թէ մթնոլորտ չկայ, ո՛չ յառաջիկայ ժամերուն, ո՛չ ալ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին»:

– ԱԼՃԵՐԻԱԿԱՆ օդանաւային ընկերութիւնը ցնոր տնօրինութիւն առկախեց դէպի Պէյրութ իր թռիչքները:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայան. «Հիւսիսի բնակիչները ամէնէն շատ զարհուրեցնող բանը Հըզպալլայի ցամաքային ներթափանցումն է»:

 

Նախորդը

Պլինքըն. «Համաձայնագիրը Պէտք Է Յառաջիկայ Օրերուն Կնքուի»

Յաջորդը

Իզէտտին. «Պատասխանը Հաստատօրէն Պիտի Տրուի, Եւ Ոչ Ոք Գիտէ Անոր Ժամկէտը, Վայրը, Միջոցը, Ձեւն Ու Ուժը»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.