Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուսական Յեղափոխութենէն Ետք Թաթարներու Կողմէ Արցախի Շրջափակում, Ջարդ Եւ Աւերածութիւններ

August 14, 2024
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արամայիսի հօրենական տունը Փրջամալի մէջ

Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն, 1917-ի փետրուարեան յեղափոխութեամբ ցարական միապետութիւնը տապալեցաւ: Նիկոլայ Բ. կայսր 2 (15) մարտ 1917-ին հրաժարեցաւ գահէն: Կազմուեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն` իշխան Գէորգի Լվովի գլխաւորութեամբ:

Ժամանակաւոր կառավարութիւնը մարտ 9 (32)-ին ստեղծեց Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէ (օզակոմ): Օզակոմի կարգադրութեամբ գաւառական, քաղաքային եւ գիւղական գործադիր կոմիտէներ ստեղծուեցան մարտ 13 (26)-ին կազմուեցաւ քառասուն հոգիէ բաղկացած Ղարաբաղի գործադիր կոմիտէն:

Ժամանակաւոր կառավարութիւնը Արցախը, Գանձակը, Ախալքալաքը եւ Շարուր-Նախիջեւանը ճանչցաւ իբրեւ հայկական տարածքներ:

Խառնակ եւ խռովայոյզ օրեր էին: Ժամանակաւոր կառավարութիւնը կը ջանար իրականացնել ինքնավար իշխանութիւն եւ ապահովել ու ընդլայնել փետրուարեան յեղափոխութեան նուաճումները:

Նոյն ժամանակ համայնավարներ աւելի արմատական փոփոխութիւններ առաջադրեցին: Լենին կը փաստարկէր, որ միայն յեղափոխութեան շարունակութիւնը կրնայ դադրեցնել պատերազմը եւ ապահովել փետրուարեան յեղափոխութեան նուաճումները:

Յուլիսին զինուորներ զանգուածաբար դասալքութեան դիմեցին եւ մերժեցին ռազմաճակատ մեկնիլ: Յուլիս 24 (օգոստոս 6)-ին նոր կառավարութիւն կազմուեցաւ եւ Ալեքսանդր Քերենսքի վարչապետ եղաւ:

Արցախի մէջ հայերու եւ թաթարներու միջեւ յարաբերութիւնները լարուած էին: Թաթարները դժգոհ էին որ ժամանակաւոր կառավարութիւնը Արցախը ճանչցած էր իբրեւ հայկական տարածք:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ղարաբաղի գործադիր կոմիտէն կազմալուծուեցաւ: Արցախի հայերը իրենց ներքին կեանքը վարելու համար Ղարաբաղի Ազգային բիւրոն ստեղծեցին: Նոյն օրերուն թաթարները իրենց Ազգային կոմիտէն ստեղծեցին:

* * *

Պետերբուրգի մէջ 25 հոկտեմբեր (7 նոյեմբեր) 1917-ին, բոլշեւիկներու գլխաւորութեամբ բարձրացած ապստամբութիւնը տապալեց ժամանակաւոր կառավարութիւնը: Իշխանութիւնը անցաւ բոլշեւիկներուն ձեռքը` Լենինի գլխաւորութեամբ:

Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք Ռուսաստանի մէջ սկսաւ քաղաքացիական պատերազմը:

Մէկ կողմէ Խորհրդային Ռուսաստանի եւ միւս կողմէ Գերմանիոյ, Աւստրեւհունգարիոյ եւ օսմանեան կայսրութեան միջեւ 3 մարտ 1918-ին Պրեսթ-Լիթովսքի հաշտութեան դաշնագիրը ստորագրուեցաւ: Բոլշեւիկներ հսկայական տարածքներ զիջեցան: Անոնք պարտաւորուեցան թուրքերուն վերադարձնել պատերազմի ընթացքին գրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները, ինչպէս նաեւ ռուսական կայսրութեան մաս հանդիսացած Արտահանի, Կարսի եւ Պաթումի մարզերը:

Անդրկովկաս անջատուեցաւ ռուսական կայսրութենէն: Թիֆլիսի մէջ կազմուեցաւ Անդրկովկասեան սէյմը հայերու, վրացիներու եւ թաթարներու ներկայացուցիչներով:

Ռուսական զօրքերու ռազմաճակատներէն հեռացումէն ետք, հայկական զօրքերը առանձին մնացին պաշտպանելու Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրուած տարածքները:

Թրքական զօրքերը 1918-ի փետրուարին լայնածաւալ յարձակման անցան ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին: Հայկական զօրքերը արագօրէն սկսան նահանջել:

* * *

Թաթարներ, Թուրքիոյ աջակցութեան վրայ յենելով, եւ օգտուելով խառնակ կացութենէն, փորձեցին հաշուեյարդար տեսնել Արցախի հայութեան հետ:

Իբրեւ առաջին քայլ, թաթարներ ռազմաճակատներէն Արցախ վերադարձող հարիւրաւոր հայ զինուորները դարանակալ շրջապատեցին եւ հաւաքաբար գնդակահարեցին Զաբուխի ձորին մէջ:

Արեւմտեան Հայաստանէն, թրքական նախճիրներէն ճողոպրած մեծաթիւ հայեր, որոնք կը փորձէին Արցախ անցնիլ եւ հոն բնակութիւն հաստատել, թաթարներու եւ քիւրտերու ձեռքը ինկան եւ բնաջնջուեցան:

Թաթարները այնուհետեւ սկսան ձերբակալել քիչ թէ շատ հեղինակութիւն վայելող հայերը:

Խանապատ

Թաթար հրոսակախումբեր այնուհետեւ աւերեցին Խանապատ, Փրջամալ, Վարազաբուն, Աղբուլաղ, Դահրազ, Քեաթուկ եւ Բերդձոր բնակավայրերը: Անոնք նաեւ շրջափակեցին դէպի Արցախ տանող բոլոր ճանապարհները:

Արցախի մէջ գտնուող ռուսական կայազօրները եւ բնակիչները իրենց կարգին անելանելի վիճակի մատնուեցան: Կարիագինոյի շրջանի ռուսական բնակավայրերը թալանուեցան:

Դահրազ

Թաթար ականատես մը կը վկայէ, «Կարիագինոյի մէջ համատարած ապստամբութիւն է: Կը յարձակին զօրամասերուն վրայ, զինուորները, սպաները կը կողոպտեն, կը սպաննեն, ողջ-ողջ կը թաղեն: Բազմաթիւ զոհեր կան: Կարիագինոյի Ջեբ-վանքի կայազօրները շրջապատուած են: Սով սկսած է սնունդի պակասի պատճառով: Թալանուած է Կարիագինոյի զինուորական հանդերձանքի պահեստը, Ջուլֆա-Պաքու երկաթուղագիծի պահեստը, որուն կողոպուտի ընթացքին պայթեցուած է վառօդի պահեստը, եւ տուները աւերուած են: Փոսթ-հեռագրատունը չաշխատիր, թելերը կտրուած են, վիճակը աղիտալի է: … Յապաղումը կը սպառնայ բնակչութեան խաղաղ հատուածի եւ զօրքի մնացորդացի համար սոսկալի հետեւանքներով: Խաներու եւ բէկերու շնորհիւ հոծ զանգուածը կը յարձակի վակոններուն վրայ, կը զինաթափէ, կը սպաննէ: Ելիզաւետպոլի եւ Ղազախի նահանգներուն մէջ, երկաթուղագիծի երկու կողմերը հազար դիակներ փռուած են: Ոչնչացուած են ռուս վերաբնակիչներու գիւղերը: Հայ զինուորներն ու սպաները, իմանալով երկաթուղագիծին վրայ կատարուած յարձակումներու մասին, հարկադրուած եղած են ոտքով վերադառնալ տուն` անցնելով Նախիջեւանի եւ Զանգեզուրի գաւառներու լեռներով եւ անտառներով, բայց աւաղ, այստեղ ալ, աւելի ստոյգ` Ջաբուխի մէջ, անոնք հարիւրաւոր զոհեր տուած են»:

Բերձոր

Այս յարձակումներուն պատճառով ներկայ Մարտունիի շրջանի հաթթավայրային հատուածի շարք մը գիւղերու` Կոտլիարովկայի, Կուրապատկենոյի, Նովօ-Նիկոլայովկայի եւ Սկոբոլեւկայի ռուս բնակիչները, ձգելով իրենց շուրջ տասնչորս հազար հեկտար հողատարածութիւնները եւ ամբողջ ունեցուածքը, գաղթեցին հիւսիսային Կովկաս:

Յեղափոխական Անձնուէր Գործիչ Արամայիս
(Միսաք Տէր Դանիէլեան)

Ազգային ազատագրական շարժման գործիչ եւ գրագէտ Արամայիս, բուն անունով` Միսաք Տէր Դանիէլեան, ծնած է 17 յուլիս 1874-ին, Ասկերանի շրջանի Փրջամալ գիւղին մէջ:

Տէր Դանիէլեանները անուանի տոհմ են եւ սերունդէ սերունդ Փրջամալի տանուտէրերը եւ քահանաները եղած են: Տոհմի նահապետ Օհան 1816-ին Փրջամալի տանուտէրը եղաւ եւ մահացաւ 1824-ին: Իբրեւ տանուտէր անոր յաջորդեց որդին` Ղահրաման (1783-1853): Ղահրաման եւ կինը` Թամամ ունէին չորս որդի` Դանիէլ, Իսրայէլ, Միքայէլ եւ Աբրահամ:

Դանիէլ գիւղին ծխատէր քահանան եղաւ: Տէր Դանիէլ եւ երէցկին Խասա ունէին չորս տղայ` Մուսայէլ, Գաբրիէլ, Առաքել եւ Յովհաննէս եւ երեք աղջիկ` Գայեանէ, Սաչլու եւ Վաթան: Գաբրիէլ 1861-ին քահանայ ձեռնադրուեցաւ եւ վախճանեցաւ 1884-ին: Գաբրիէլ քահանայի որդիներն են` Դանիէլ, Անանիա եւ Միսաք:

Միսաք Տէր Դանիէլեան 1885-ին աւարտեց ծննդավայրին ծխական դպրոցը, որմէ ետք Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ շարունակեց ուսումը: Աւագ եղբօր` Դանիէլի մահէն ետք ստիպուած կէս ձգեց ուսումը եւ մեկնեցաւ Պաքու, ուր քարիւղի ընկերութիւններու մէջ աշխատանքի մտաւ:

Նորաստեղծ հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան միացաւ 1890-ին եւ նոյն տարին հայդուկային շարժում կազմակերպելու նպատակով Վան անցաւ: Վերադառնալով տարբեր թերթերու մէջ, տարբեր ծածկանուններով Արեւմտեան Հայաստանի իրավիճակին մասին յօդուածներ ստորագրեց: Խորապէս ցնցուած Սասունի 1894-ի կոտորածով ան գրեց. «Այդ ցնցող աղէտը եկաւ իմ մէջ ամրապնդելու վրիժառութեան զգացմունքը… Վրէժ, ինչ գնով էլ լինի»:

Միսաք յեղափոխական Արամայիս անունը ստացաւ եւ 1896-ին քանի մը ընկերներու հետ Ջուղայի վրայով անցաւ Պարսկաստան` ձեռք բերուած զէնքերը Վանի պաշտպաններուն հասցնելու համար:

Արամայիս 1896-ի վերջաւորութեան Արցախ վերադարձաւ եւ ստեղծագործական աշխատանքի լծուեցաւ: Միաժամանակ ան Ազգային ազատագրական պայքարին նուիրուած շարք մը պատմուածքներ գրեց:

Հայ-թաթարական 1905-1906-ի ընդհարումներուն ժամանակ Արամայիս գործօն մասնակցութիւն բերաւ Արցախի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն եւ փայլեցաւ իր հերոսական խոյանքներով:

Արամայիս 1915-ին հայ կամաւորներուն հետ մտաւ Վան: Հայ ժողովուրդի զանգուածային բնաջնջման եւ հերոսական ու ողբերգական իրադարձութիւններուն ականատես եղաւ: Ցեղասպանութեան այդ փաստերու հիման վրայ գրեց «Զարհուրելի ոճիրը» գիրքը, որ հետագային ռուսերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն եւ իտալերէն լեզուներով թարգմանուեցաւ:

Արամայիս 1917-ի ամրան Արցախ անցաւ եւ ծանօթանալով տեղի իրավիճակին, նկատեց հայրենակիցներու անպաշտպան վիճակը, թաթար հրոսակախումբերու սանձարձակութիւնները եւ փորձեց համախմբել մարտական ուժերը` ժողովուրդին ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու նպատակով: Ան նաեւ մասնակցեցաւ Արցախի մէջ 1918-էն 1920 ծաւալած քաղաքական իրադարձութիւններուն:

Ազրպէյճանի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատուած էին արդէն, երբ 1920 սեպտեմբերին Արամայիս քաղաքական նկատումներով ձերբակալուեցաւ եւ Պաքուի մէջ բանտարկուեցաւ: Անոր դէմ մահապատիժ սահմանուեցաւ, բայց Օրջոնիկեձէի միջնորդութեամբ շուտով ազատ արձակուեցաւ:

Արամայիս 1921-ին Սոխում փոխադրուեցաւ եւ տեղի հայկական դպրոցին մէջ ուսուցիչ եղաւ: 1924-ին կրկին Պաքու տեղափոխուեցաւ եւ հայերէն լեզուով հրատարակուող «Կոմունիստ» թերթին մէջ թարգմանիչի պաշտօն ստանձնեց:

Ստալինեան համատարած հալածանքները սկսելէն ետք, 1936-ին Արամայիս հեռացուեցաւ «Կոմունիստ»-ի խմբագրութենէն: 1949 յունիս 14-ին ընտանիքին հետ Ալթայի երկրամաս աքսորուեցաւ, ուր մահացաւ 27 հոկտեմբեր 1954-ին:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (13 Օգոստոս 2024)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը
Պատմական

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

October 21, 2026
Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր
Պատմական

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

October 7, 2026
Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.