Ռուսիոյ Քուրսքի, Պրիանսքի եւ Պելկորոտի շրջաններուն մէջ հաստատուած է հակաահաբեկչական գործողութեան դրութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէին:
«Քաղաքացիներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ թշնամիի ներթափանցման ու հետախուզական ուժերու կողմէ ահաբեկչական գործողութիւններու սպառնալիքները ճնշելու համար Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէի նախագահ, Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքով որոշած է 9 օգոստոս 2024-էն հակաահաբեկչական գործողութիւններու գործադրութիւնը կազմակերպել Պելկորոտի, Պրիանսքի եւ Քուրսքի շրջաններուն մէջ», յայտնած են կոմիտէէն:
Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէին մէջ նշած են, որ Քիեւի վարչակարգը աննախադէպ փորձի ձեռնարկած է` Ռուսիոյ քանի մը շրջաններուն մէջ ապակայունացնելու կացութիւնը:
Կոմիտէին մէջ ընդգծած են, որ ուքրանացի զինեալներու Քուրսքի շրջանին վրայ կատարած յարձակումը յանգեցուցած է քաղաքային զոհերու, ինչպէս նաեւ բնակելի շէնքերու եւ այլ քաղաքային կառոյցներու աւերման:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ «պատերազմը մղուած է նախայարձակի տարածք»: «Ուքրանիան կ՛ապացուցէ, որ իրօք գիտէ ինչպէս վերականգնել արդարութիւնը եւ ճնշում կը գործադրէ նախայարձակին վրայ», ըսաւ ան:
Զելենսքիի համաձայն, Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Ալեքսանտր Սիրսքի բազմիցս զեկուցած է ռազմաճակատի վրայ գործողութիւններու եւ «պատերազմը նախայարձակին տարածք մղելու մասին»:
Ուքրանացի ապահովական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ հազարաւոր ուքրանացի զինուորներ կը մասնակցին Ռուսիոյ Քուրսք շրջան ներխուժման: «Մենք յարձակողական դիրքի վրայ ենք, եւ նպատակը թշնամիի դիրքերը ցրուել, առաւելագոյն վնասներ պատճառելը, Ռուսիոյ մէջ կացութիւնը քայքայելը եւ պատերազմը ռուսական հողեր տեղափոխելն է», ըսաւ ուքրանացի պաշտօնատարը` նշելով, որ այս գործողութիւնը բարձրացուցած է ուքրանացիներու բարոյականը:
Ան նշեց, որ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ բանակի կացութիւնը չէ փոխուած, «անոնք կը շարունակեն արեւելքի մէջ իրենց ճնշումը, անոնք իրենց ուժերը այս շրջանէն չեն հեռացներ», թէեւ «արեւելքի մէջ ռուսական յարձակումներու կշռոյթը որոշ չափով նուազեցաւ»:
Վերջին տուեալներով` Քուրսքի մարզէն արդէն հեռացուած է 76 հազար մարդ: Ռուսիոյ Քուրսքի մարզի մարզպետի պաշտօնակատար Ալեքսէյ Սմիրնով հաստատեց, որ ուքրանական ուժերը 10 օգոստոսին մուտք գործած են մարզի Պելովսքի շրջանի տարածք:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա շեշտեց. «Ռուսական բանակին Քիեւի ռուսական շրջաններու վրայ յարձակումին հակադարձութիւնը երկար պիտի չսպասուի»:
«Այս ոճիրները կազմակերպողներն ու գործադրողները, ներառեալ արտասահմանի մէջ անոնց հովանաւորները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին», նշեց Զախարովա` նշելով. «Քիեւի վարչակարգը կը գիտակցի, որ ռուսական մարզերու վրայ յարձակումները զինուորական գետնի վրայ ռազմավարական արժէք չեն ներկայացներ»:
Պիելոռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Պիելոռուսիոյ զինեալ ուժերու մեքենայացուած զօրամասերէն մէկուն հրասայլերը կը վերաբաշխուին Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ` սահմանապահ զօրքերու խումբերը զօրացնելու որոշումի ծիրին մէջ:
Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ մէկ օր առաջ յանձնարարած էր ուժեղացնել զօրքերը Կոմելի եւ Մոզիր մարտավարական ուղղութիւններուն վրայ` «հաւանական սադրանքներուն արձագանգելու համար»: Յատուկ գործողութիւններու ուժերու, ցամաքային զօրքերու եւ հրթիռային ուժերու ստորաբաժանումները, ներառեալ «Փոլոնեզ» հրթիռային համակարգերը եւ «Իսքանտեր» համակարգերը, նոյնպէս կ՛ուղարկուին դէպի նշեալ տարածքներ:


