Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Տնտեսութեան Կացութիւնը Արտակարգ Դրութեան Յայտարարում Կը Պահանջէ»

August 12, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ «Սփութնիք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին զգուշացուց «Լիբանանի մէջ տնտեսական կացութեան նրբութենէն ու վտանգաւորութենէն»` շեշտելով. «Անիկա երկրին մէջ արտակարգ դրութեան յայտարարում կը պահանջէ»:

«Հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմը որքան երկարի եւ անոր ծիրը ընդլայնի, այնքան տնտեսութիւնը անորոշութեան կը մատնուի, որովհետեւ Լիբանանի մէջ տնտեսական կացութիւնը ամբողջովին ուժասպառ է, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի հանրային մարզին եւ պետական հաստատութիւններուն», ըսաւ Սալամ:

«Պատերազմը վատթարացուց Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապը, եւ այլեւս անկարելի է խօսիլ տնտեսական աճի կամ արտադրական մարզերու մէջ բարգաւաճման մասին», նշեց նախարարի պաշտօնակատարը` դատապարտելով Իսրայէլի կողմէ երկրի հողագործական մարզի թիրախաւորումն ու անոր բանակին կողմէ հրկիզումը հազարաւոր հողագործական արտերու, որոնց վերականգնումը պետութեան միլիառաւոր տոլարներ պիտի արժէ:

Ան յայտարարեց, որ պատերազմի ընդլայնման մտավախութեան պատճառով Լիբանան այցելութեան արգիլումէն եւ աշխատաւորներու աշխատանքի համար արտասահման փախուստ տալէն ետք, Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան եղանակը անորոշ ժամանակով վերջ գտած է:

«Յաջորդ ամավարկը շատ դժուար պիտի ըլլայ, եւ տգէտ է ան, որ կ՛ըսէ, թէ Լիբանան կրնայ այս կացութեան մէկ ամիսէ աւելի տոկալ, որովհետեւ պատերազմը երկիրը կը վերադարձնէ քարէ դարաշրջան եւ լիբանանցիները կը տանի մութ ու վտանգաւոր վայր մը», ըսաւ Սալամ:

«Լիբանան ունի սննդեղէնի պահեստ մը, որ միայն 3 ամսուան կը բաւէ», նշեց տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատարը` զգուշացնելով, որ օդակայանի եւ նաւահանգիստի թիրախաւորումն ու լիբանանեան պետութեան դէմ պաշարման հաստատումը կրնայ լիբանանցիները ջուրէ եւ սնունդէ զրկել:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պէյրութ. «Ամէն Անգամ, Որ Զինադադարի Հաստատման Ջանքերը Կ՛աշխուժանան, Պաղեստինցիներու Դէմ Ոճիրներ Գործելը Կը Փաստէ Պատերազմը Երկարաձգելու Իսրայէլի Մտադրութիւնը»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.