«Նիւ Եորք Թայզմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Յորդանանի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մուհանատ Մուպայտի, ակնարկելով Իսրայէլի դէմ սպասուող իրանեան հակադարձութեան, յայտնած է. «Թեհրանին յայտնեցինք, որ մեր օդային տարածքի որեւէ նպատակով օգտագործումը պիտի չարտօնենք»:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի 4 օգոստոսին այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ իրանցի պաշտօնատարներու հետ:
«Թեհրան չեմ եկած Իսրայէլէն կամ անոր ուղղուած նամակով», ըսաւ աւ` նշելով. «Իրանցի պաշտօնակիցս` արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանի հերքեց, թէ իրանցի որեւէ պաշտօնատար յայտնած ըլլայ, թէ Թեհրանէն Թել Աւիւին նամակներ պիտի փոխանցենք»:
«Շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու առաջին քայլը Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելն է», ընդգծեց Սաֆատի:
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յորդանանեան դիւանագիտութեան պետին յայտնեց. «Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկումը սիոնական մեծ սխալ մըն է, որ անպատասխան պիտի չմնայ»:
«Թեհրանի մօտ իբրեւ հիւր գտնուող Հանիէի ահաբեկումը միջազգային օրէնքի ոտնահարում է, եւ կը յուսանք, որ աշխարհը զայն կը դատապարտէ», շեշտեց ան:


