Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաքրուա. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Դերակատարութիւնը Այսօր Աւելի Քան Երբեք Կարեւոր Է»

August 8, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխարհի վրայ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւններու ղեկավար Ժան Փիեռ Լաքրուա յայտնեց, որ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին վրայ խաղաղապահ առաքելութեան` ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը այսօր «աւելի քան երբեք կարեւոր է, եւ ան  հաղորդակցութեան միակ միջոցն է երկու կողմերուն` իսրայէլեան կողմին ու լիբանանեանին (ներառեալ Հըզպալլան) միջեւ` իր բոլոր տարրերով:

Լաքրուա ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութիւնը «հիմնական է, որովհետեւ մեզի կ՛արտօնէ կարգ մը հարցեր յստակացնել եւ սխալ հասկացողութենէն խուսափիլ: Սխալ հասկացողութիւնն ու սանձազերծ մագլցումը փափաքելի չեն»:

Ան աւելցուց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը իր պարեկութիւնը կանոնաւոր կերպով կը կատարէ «լիբանանեան բանակին հետ համակարգաբար»:

Լաքրուա նշեց, որ խաղաղապահ ուժերը ներկայիս պիտի մնան շրջանին մէջ, եւ անոնց ներկայութիւնը վերատեսութեան պիտի չենթարկուի, բացի եթէ իրենց առաքելութիւնը կատարելը անկարելի դառնայ կամ անոնց անվտանգութիւնը «շատ վտանգաւոր սպառնալիքներու» ենթարկուի` աւելցնելով, որ անոնց կարգ մը անդամները վիրաւորուած են եւ կարգ մը ճամբարները վնասուած:

Անոր համաձայն, Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը հիմնական է Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:

«Թերեւս վերջին օրերուն պատահածէն ետ Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու առիթները, առնուազն մօտիկ ապագային համար, նուազեցան, սակայն գոյութիւն ունի այն յոյսը, որ Կազայի մէջ կռիւներու դադրեցումը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ նոյն բանին յանգեցնէ», ըսաւ Լաքրուա:

Ան աւելցուց, որ զինադադարի հաստատումէն ետք, երկու կողմերը պէտք է ձեռնարկեն «իմաստալից բանակցային հոլովոյթի»` գործադրելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը, որ վերջ տուաւ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ 2006 թուականի պատերազմին, եւ որուն համաձայն` լիբանանեան բանակն ու ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միակ զինեալ ուժերը պիտի ըլլան:

Լաքրուա շեշտեց, որ ինք լաւատես է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը յաւելեալ մէկ տարիով պիտի վերանորոգէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը, որ կ՛աւարտի օգոստոսի վերջ:

Նախորդը

Տեր Ամմարի Ելեկտրակայանը Դադրեցաւ Գործելէ Եւ Զահրանի Ելեկտրակայանին Մէջ Միայն Մէկ Արտադրամաս Կը Գործէ

Յաջորդը

Բերքաբեր-Ղըզըլհաճիլի Սահմանազատուած Հատուածէն Ազրպէյճանական Յենակէտը Ետ Քաշուած Է

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.