Թուրքիոյ իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ իրենց երկիրը միացած է Հարաւային Ափրիկէի` Միջազգային քրէական դատարանին մէջ Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն դէմ ցեղասպանութիւն գործելու ամբաստանութեամբ Իսրայէլի դէմ հայցին:
Թուրքիոյ խորհրդարանի իրաւական հարցերու յանձնախումբը նշեց, որ լաւատես է, որ «Միջազգային քրէական դատարանը պիտի կարենայ Իսրայէլին ստիպել իր որոշումները գործադրել»` աւելցնելով. «Թուրքիոյ Հանրապետութեան` իբրեւ պետութիւն, եւ թուրք ժողովուրդի Պաղեստինեան դատի կողքին կանգնիլը կը հաւաստենք»:
«Իսրայէլ 70 տարիներէ ի վեր պաղեստինցիներուն դէմ ջարդեր կը գործէ: Պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի ցեղասպանութիւն գործելուն վերաբերեալ հաստատ փաստեր գոյութիւն ունին», ըսաւ յանձնախումբը` նշելով. «Իսրայէլի գործած ցեղային մաքրագործման եւ Կազայի մէջ անոր ջարդերուն փաստերը պիտի ներկայացնենք»:


