Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չինաստանը Պատրաստ Է Աւելի Խորացնելու Հայաստանի Հետ Համագործակցութիւնը Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ, Ներառեալ Անվտանգութեան Ոլորտը» Կ՛ըսէ Չինաստանի Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը

August 1, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Չինաստանի դեսպանատան մէջ նշուեցաւ Չինաստանի Ժողովրդական-ազատագրական բանակի հիմնադրման 97-ամեակը:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Չինաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Չեն Մին իր խօսքին մէջ նշած է, որ Չինաստանի ժողովրդական- ազատագրական բանակը իր հիմնադրութեան օրէն` 1 օգոստոս 1927 թուականէն ի վեր նշանակալի ներդրում ունեցած է նոր Չինաստանի ստեղծման ու զարգացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ կարեւոր դեր խաղցած է համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին մէջ:

«Չինաստանը անշեղօրէն հաւատարիմ եղած է անկախ, ինքնուրոյն եւ խաղաղ արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան քաղաքականութեան: 70 տարի առաջ, բախելով թէժ պատերազմի սարսափներու եւ Պաղ պատերազմի արգելափակումներուն, Չինաստանը յառաջ մղեց խաղաղ գոյակցութեան հինգ սկզբունքներ, որոնք միաձայնութեամբ ճանչցուեցան միջազգային ընտանիքին կողմէ եւ դարձան միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման ընդհանուր ընդունուած արժեչափեր: Այսօր, վերջին 70 տարիներու ընթացքին կատարուած աննախադէպ փոփոխութիւններու պայմաններուն մէջ, Չինաստանը, հաւատարիմ մնալով համաշխարհային խաղաղութեան պահպանման եւ հասարակաց զարգացման խթանման իր արտաքին քաղաքականութեան նպատակին, կը ձգտի կառուցել մարդկութեան համար հասարակաց ապագայ ունեցող համայնք», ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Չինաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը:

Թեն Մին յայտնեց, որ Չինաստանը կողմնակից  բազմաբեւեռ աշխարհին, որ հիմնուած է հաւասարութեան եւ կարգապահութեան վրայ, կողմնակից է համաշխարհային կառավարման համակարգի բարեփոխումներու եւ կառուցման աշխուժ մասնակցութեան, կողմնակից է ներառական եւ համապարփակ տնտեսական համաշխարհայնացման, կը խթանէ «Մէկ գօտի եւ մէկ ճամբայ» նախաձեռնութեան համատեղ կառուցումը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային նախաձեռնութիւններ կ՛իրականացնէ զարգացման, անվտանգութեան եւ քաղաքակրթութեան ոլորտներու մէջ:

«Ազգային անվտանգութիւնը կարեւոր հիմք է Չինաստանի արդիականացման կայուն յառաջընթացի համար: Չինաստանը, առաջնորդուելով ազգային անվտանգութեան համապարփակ հայեցակարգով, կը ձգտի հասնիլ բարձրորակ զարգացման եւ անվտանգութեան բարձր մակարդակի ներդաշնակ փոխադարձ գործակցութեան` միեւնոյն ժամանակ համակարգելով սեփական եւ հասարակաց անվտանգութիւնը: Չինաստանը կը նպաստէ համաշխարհային անվտանգութեան տեսակէտի ստեղծման` կառուցելով անվտանգութեան վրայ հիմնուած մարդկութեան համար հասարակաց ապագայ ունեցող համայնք», նշեց չին դիւանագէտը:

Նախորդը

Ռուբինեան «Լաւ», Իսկ Քըլըչ «Կառուցողական» Կ՛որակէ Իրենց Հանդիպումը

Յաջորդը

Օ՛Պրայըն. «Մենք Պայմաններ Կը Ստեղծենք, Որպէսզի Հայաստանը Աւելի Հեռանայ Ռուսիայէն»

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.