Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուբինեան «Լաւ», Իսկ Քըլըչ «Կառուցողական» Կ՛որակէ Իրենց Հանդիպումը

August 1, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական կողմի բանագնաց, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան լաւ կ՛որակէ 30 յուլիսին թրքական կողմի բանագնաց Սերտար Քըլըչի հետ իր հանդիպումը:

Ռուբինեան «Էքս»-ի վրայ գրած է, որ լաւ հանդիպում ունեցած է Քըլըչի հետ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանին վրայ, վերահաստատուած են նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները եւ համաձայնեցուած վստահութեան ամրապնդման նոր միջոցները, ներառեալ գնահատումը թեքնիք պահանջներու, որոնք կարելիութիւն պիտի տան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկաթուղային կապի գործարկման:

Թրքական կողմի բանագնաց Սերտար Քըլըչ իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարած է` նշելով, որ հինգերորդ հանդիպումը տեղի ունեցած է առաւօտեան հայկական կողմին մէջ, իսկ օրուան երկրորդ կիսուն` թրքական կողմին մէջ:

«Մենք կառուցողական փոխըմբռնումով քննարկած ենք կարգաւորման հոլովոյթի բոլոր երեւոյթները եւ հետագայ յառաջընթացի կարելիութիւնները», գրած է Քըլըչ:

30 յուլիսին տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Երեւանն ու Անգարան նոյնաբովանդակ յայտարարութիւն տարածեցին` նշելով, որ ընդգծած են կարգաւորման հոլովոյթը առանց որեւէ նախապայմանի շարունակելու համաձայնութիւնը` երկու երկիրներուն միջեւ լիարժէք կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու համար, ինչպէս նաեւ վերահաստատած են նախորդ հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Ռուբէն Ռուբինեանն ու Սերտար Քըլըչը համաձայնած են շրջանային զարգացումներուն համապատասխան գնահատել թեքնիք կարիքները, որոնք կարելիութիւն պիտի տան գործարկել Ախուրիկ-Աքիաքա երկաթուղիի սահմանային անցակէտը, ինչպէս նաեւ փոխադարձաբար դիւրացնել մուտքի արտօնագիրները դիւանագիտական-պաշտօնական անձնագիրներ ունեցողներու համար:

Նախորդը

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Միշել Փաշինեանին Ու Ալիեւին Նամակ Գրած Է

Յաջորդը

«Չինաստանը Պատրաստ Է Աւելի Խորացնելու Հայաստանի Հետ Համագործակցութիւնը Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ, Ներառեալ Անվտանգութեան Ոլորտը» Կ՛ըսէ Չինաստանի Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.