Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիս. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Հըզպալլայի Նման Ահաբեկչական Կազմակերպութեան Մը Դէմ Ինքզինք Պաշտպանելու»

August 1, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս, ըստ «Աքսիոս» կայքին, յայտարարած է. «Իսրայէլ իրաւունք ունի Հըզպալլայի նման ահաբեկչական կազմակերպութեան մը դէմ ինքզինք պաշտպանելու»:

«Տակաւին այս յարձակումներուն վերջ տալու համար դիւանագիտական լուծում գտնելու համար պէտք է աշխատինք», նշած է Հարիս:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին վերահաստատեց. «Չեմ կարծեր, որ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը անխուսափելի է»:

«Եթէ Իսրայէլ յարձակումի ենթարկուի, անոր պիտի օգնենք ինքզինք պաշտպանելու», յայտարարեց Օսթին:

Փենթակոնի ղեկավարը նաեւ շեշտեց. «Պէտք է լրջօրէն աշխատինք վստահ ըլլալու, թէ կը կատարենք այն բաները, որոնք լարուածութեան մեղմացման կ՛օգնեն»:

Աղբիւրներ «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Ամերիկեան մարտանաւերը դէպի Լիբանանի ծովեզերք կը շարժին»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Լիբանանի դէմ հարուածները միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում են»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասր Քենաանի յայտնեց. «Այս յարձակումը Լիբանանի գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան եւ միջազգային բոլոր  օրէնքներուն բացայայտ խախտում է»:

«Լիբանանը, իր կառավարութեամբ, բանակով ու Դիմադրութեամբ, իրաւունք ունի հակադարձելու սիոնական յարձակումին», նշեց Քենաանի:

«Սիոնական կեղծ գոյացութիւնը շրջանին մէջ տագնապի եւ լարուածութեան տարածքը ընդլայնելու պատասխանատուութիւնը կը կրէ», ըսաւ ան:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին` նշելով, որ լիբանանցի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի ընդդէմ իսրայէլեան յարձակումին: Նախարարութիւնը յիշեցուց, որ «այս յարձակումը սուրիական բռնագրաւուած Կոլանի Մաժտալ Շամս շրջանին մէջ բռնագրաւումի նենգ ոճիրէն ետք տեղի կ՛ունենայ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտարարեց. «Այս գիշեր իսրայէլեան բանակը ճշգրիտ եւ արհեստավարժ գործողութիւն մը կատարեց` ոչնչացնելու համար Հըզպալլայի մեծագոյն զինուորական հրամանատար Ֆուատ Շուքրը` Հաժ Մոհսենը, որուն ձեռքերը շարք մը իսրայէլացիներու արիւնով ներկուած են»:

«Այս գիշեր ցոյց տուինք, որ մեր ժողովուրդին արիւնը գին ունի, եւ այս նպատակի իրագործման համար մեր ուժերուն հասանելիութենէն հեռու եղող տեղ չկայ»:

Ան խոր գնահատական յայտնեց իսրայէլեան բանակին, անոր սպայակոյտին, օդուժի հրամանատարութեան եւ անդամներուն` աւելցնելով. «Ձեր կարողութիւնները ոչ միայն մեր անվտանգութիւնը կ՛երաշխաւորեն, այլեւ մեզի մեծ հպարտութիւն կը շնորհեն: Դուք մեզ կարող կը դարձնէք ուժեղ կերպով կանգնելու մեր թշնամիներուն դիմաց եւ մեր ժողովուրդին գոյատեւումը երաշխաւորելու»:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ Կալանթ Օսթինին յայտնած է, թէ Իսրայէլ մտադիր չէ մագլցումի, սակայն պատրաստ է Հըզպալլայի որեւէ յարձակումի հակադարձելու:

Հըզպալլա երէկ յայտարարեց. «Հրամանատար Ֆուատ Շուքր կը գտնուէր յարձակումի ենթարկուած շէնքին մէջ, եւ տակաւին անոր ճակատագիրին յստակացման կը սպասենք»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը երէկ հաղորդեց. «Իսրայէլեան չորս «Էֆ-35» տիպի օդանաւեր երէկ Պէյրութի վրայ յարձակում գործեցին, եւ աւելի քան 10 հրթիռներ արձակեցին»:

 

Նախորդը

«Լիբանան Պատերազմ Չ՛ուզեր, Այլ` Իր Գերիշխանութիւնը Պահպանել» Կ՛ըսէ Միքաթի

Յաջորդը

Քլաար. «Հայ-Թրքական Կարգաւորումը, Հաղորդակցութիւններու Վերականգնումը Ամէնէն Կարեւոր Տարրերն Են Առաւել Կայուն Եւ Բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի Համար»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.