Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լափիտ. «Դիմակաւոր Միլիսներու Ռազմակայան Ներխուժումէն Ետք Նեթանիահուն Բացակայ Է, Իսկ Անոր Կառավարութեան Մէջ Նախարարներ Մեղսակից Են Յեղաշրջման Փորձին»

July 31, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ դիմակաւոր միլիսներու ռազմակայան ներխուժումէն ետք Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բացակայ է, իսկ անոր կառավարութեան մաս կազմող նախարարներ եւ երեսփոխաններ մեղսակից են յեղաշրջման փորձին:

Լափիտ շեշտեց, որ «Սետի Թիման» ներխուժումը նենգ ու վտանգաւոր ոճիր է Քնեսեթի անդամներու կողմէ, որոնք իսրայէլեան բանակը կը տկարացնեն եւ զայն կը քայքայեն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի պետութիւնը կը տկարացնեն ու կը քայքայեն, «կը քանդեն մեր ներքին ուժի հիմքերը»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Այսրյորդանանէն ուժեր եւ Կազայէն «Նահալ» զօրամասը հեռացուցած է եւ զանոնք գործուղած Պէյթ Լիտ ռազմակայան` նշելով, որ բանակը ռազմակայանին շուրջ իր ուժերը կ՛ամրապնդէ` առ ի պատրաստութիւն զինուորներու դատավարութեան եւ առ ի զգուշացում ներխուժման նոր փորձէ:

Աջակողմեան ծայրայեղականներ 29 յուլիսին ներխուժեցին Նեկեւի անապատին մէջ Կազայէն գերիներու արգելափակման վայր եղող Սետի Թիման ռազմակայան, ուր իսրայէլեան զինուորական ոստիկանութիւնը կալանաւորած է պահեստի 9 զինուորներ` գերիներու խոշտանգման ու չարչարման կասկածանքով:

Ներխուժողները եղած են զինեալ ու դիմակաւոր, եւ իրենց զինուորական համազգեստին վրայ «ուժ 100» նշանը կրող պահեստի զինուորներու աջակցութեան խորհրդանիշները կային: Անոնք որոշ ժամանակ մնացած են ռազմակայանին մէջ:

Զինուորական ոստիկանութիւնը ի վերջոյ կալանաւորուած զինուորները փոխադրած էր Թել Աւիւի հիւսիսը գտնուող Պէյթ Լիտ ռազմակայան` անոնց հետաքննութիւնը շարունակելու համար: Սակայն ծայրայեղ աջակողմեան ցուցարարները այդտեղ ալ ներխուժած են:

Նախորդը

Ճատրակ. Սարգիս Սարգսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Յաջորդը

Կալանթ. «Նեթանիահուի Պահանջները Զինադադարի Հաստատման Համաձայնութեան Հասնելու Առիթի Կորուստին Պիտի Յանգեցնեն»

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.