Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Խաչատուր Աւետիսեան Երաժշտահանը

July 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Այնճարի մէջ` տասներկուերորդ տարին ըլլալով,  ամառները երեկոյեան կը շարունակուին «Մեծարենցեան երեկոներ» մշակութային ձեռնարկները,  Զաւէն եւ Մարիա Ղարիպեաններու «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ:

Այս տարուան առաջին մշակութային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 7 յուլիս 2024-ին. անիկա նուիրուած էր հայրենի երաժշտահան Խաչատուր Աւետիսեանի կեանքին ու գործին: Շուրջ քսանհինգ մշակութասէր անձեր` ամէն տարիքի, ներկայ էին: Օրուան դասախօսն էր երաժիշտ, խմբավար Զաքար Քէշիշեան: Անցնող տասներկու տարիներու Զաքար Քէշիշեան այդ բակին մէջ տուած է հինգ դասախօսութիւններ հայ երաժիշտներու մասին` Կոմիտաս վարդապետ, Աշուղ Ջիւանի, Արամ Խաչատուրեան, Բարսեղ Կանաչեան, Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան:

Այս օրուան դասախօսութեան սկիզբին երկու պարմանուհիներ` Վիքի Հաւաթեան եւ Նայիրի Մանիսաճեան, շուիի վրայ նուագեցին Խ. Աւետիսեանի յօրինած երկու եղանակներ, իսկ դասախօսը ներկայացուց ձայներիզի վրայ արձանագրուած Խ. Աւետիսեանի յօրինած երգերէն:

Բայց ո՞վ է Խաչատուր Աւետիսեանը: Հայ հասարակութիւնը յաճախ լսած է ու կը լսէ Խ. Աւետիսեանին յօրինած երգերը` առանց գիտնալու, թէ ո՞վ է անոնց հեղինակը: Այդ երեկոյ Զաքար Քէշիշեան իր հմտութեամբ ու զուարթախօսութեամբ մեզի ներկայացուց իրական պատկերը Խաչատուր Աւետիսեանի:

Ան ըսաւ, որ Խ. Աւետիսեան 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ երաժշտական արուեստի մեծանուն ներկայացուցիչներէն է, համազգային ճանաչման արժանացած երգահան: Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, պետական մրցանակի դափնեկիր, փրոֆեսէօր:

Ան ծնած է 1926 թուականի ապրիլ 24-ին, ազգային երաժշտութեան աւանդոյթներով կենսահարուստ Գիւմրի քաղաքը: Մահացած է 1996-ի յունիսին, Երեւան:

Երաժշտական կրթութիւնը կը ստանայ նախ Երեւանի Ռ. Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանի մէջ, ապա` Կոմիտասի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ, մեծանուն Էդուարդ Միրզոյեանի դասարանը: Մինչեւ ստեղծագործական գործունէութիւն` եղած է քանոն ազգային նուագարանի մենակատար եւ այդ գործիքով հայ երաժիշտներէն առաջինը, որ 1951-ին Պերլինի մէջ կը շահի գլխաւոր մրցանակը: Իբրեւ քանոնահար, ան կը ստեղծէ այդ նուագարանի կատարողութեամբ նոր դպրոց:

1958-ին կը հիմնուի Հայաստանի պարի պետական անսամպլը, որուն ստեղծման առաջին օրէն Աւետիսեան կը դառնայ անոր երաժշտական ղեկավարը: Շուրջ 15 տարի աշխատելով այստեղ` ան կը ստեղծէ անսամպլի պարի եղանակներուն մեծ մասը:

50-ական թուականի վերջերը կը սկսի անոր ստեղծագործական կեանքը երգի ասպարէզի մէջ, որ կը դառնայ անոր ստեղծագործական կեանքի ուղեցոյցը, ուր վառ կերպով ի յայտ կու գան երգահանի մեղեդիի ազգային եւ քնարական խորը զգացումներու ու ժանրին տիրապետող բացառիկ տաղանդը: Անոր երգերը պիտի դառնային երաժշտական կամուրջ մը, որ հայ աշուղական- գուսանական երաժշտութիւնը պիտի կապէր ժամանակակից արդէն արհեստավարժ երաժշտական արուեստին:

1974-78-ին Աւետիսեան կ՛ըլլայ Թ. Ալթունեանի անուան երգի պարի պետական անսամպլի գեղարուեստական ղեկավարը: Այստեղ ալ ան կարճ ժամանակուան մէջ կը ստեղծէ քանի մը նոր ծրագիրներ անսամպլին համար` հարազատ մնալով անոր ազգային աւանդութիւններուն:

1978-ին, տարիներու սպասումէ ետք, Կոմիտասի անուան բարձրագոյն երաժշտանոցի մէջ կը բացուի ժողովրդական նուագարաններու եւ երգեցողութեան ամպիոնը, որուն հիմնադիրը կ՛ըլլայ Խաչատուր Աւետիսեան, որ զայն կը ղեկավարէ մինչեւ կեանքին վերջը:

Ան մեզի ժառանգութիւն ձգած է մեծ կտաւի բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ. «Օրաթորիա»` նուիրուած «Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին»: «Գիւմրի ռեքուիեմ»` նուիրուած Գիւմրիի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին:

Զաքար Քէշիշեան իր դասախօսութեան ընթացքին պատմեց շատ մը յիշատակելի դրուագներ` իր եւ իր ուսանողական տարիներու Կոմիտաս բարձրագոյն երաժշտանոցի ամպիոնի վարիչ Խաչատուր Աւետիսեանի հետ ջերմ յարաբերութիւններէն:

Զաքար Քէշիշեան խօսքը աւարտեց` ըսելով, որ «Իմ անուշ տաւիղ», «Մախմուր աղջիկ», «Ասում են թէ» եւ ուրիշ բազմաթիւ երգեր մեր ամէնօրեայ սիրուած երգերէն են, եւ անոնց հեղինակը Խաչատուր Աւետիսեանն է:

———–

Խաչատուր Աւետիսեանի Երգերը

  • «Իմ անուշ տաւիղ»
  • «Մախմուր աղջիկ»
  • «Բալենի»
  • «Ասում են թէ»
  • «Անահիտ»
  • «Կախարդուած ծաղիկներ»
  • «Անուրջներ»
  • «Ծաղկեփունջ»
  • «Եղէգ»
  • «Շիրակի»
  • «Հայոց հովիկ»
  • «Պարմանի»
  • «Կարապների պար»
  • «Հանինա»
  • «Տօնական Հայաստան»
  • «Իրիկնային»
  • «Ճերմակ աղաւնի»
  • «Տաւիղ»
Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բաց Նամակ Անարժէքներու Շքախումբին

Յաջորդը

Հայաստանի Բարձրագոյն Պաշտօնեաները Արձակուրդի Մէջ Են. Ոմանք Յոյս Ունին, Որ Անոնք Չեն Վերադառնար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.