Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անակնկալ այցելութեամբ հասաւ Մոսկուա, ուր չորեքշաբթի երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Փութին Ասատի հետ հանդիպումի սկիզբը յայտնեց. «Երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանին մէջ կացութիւնը պիտի քննարկենք»` աւելցնելով. «Միջին Արեւելքի, նաեւ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը դէպի մագլցում կ՛ուղղուի»:
«Կը յուսանք Ասատի հետ քննարկել Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները, որոնց շուրջ տակաւին բազմաթիւ հարցումներ կան»:
Ասատ իր կարգին յայտնեց. «Ռուսիան եւ Սուրիան անցնող տասնամեակներուն ընթացքին դժուար քննութիւններէ անցան»:
«Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պահպանեցին վստահութեան մակարդակը, եւ ատիկա անոնց հասունութեան ցուցանիշ է», ըսաւ Սուրիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները չցնցուեցան, հակառակ բոլոր պայմաններուն եւ խոչընդոտներուն»:
Ան նշեց, որ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն լոյսին տակ իրենց ժողովը կարեւոր է` քննարկելու համար տարբեր բեմագրութիւններ:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով Ասատ-Փութին հանդիպումը, յայտնեց. «Փութին եւ Ասատ քննարկած են աշխարհի վրայ եւ եւրասիական շրջանին մէջ հաւանական զարգացումներու բեմագրութիւններն ու հեռանկարները»:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Փեսքով չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ արդեօք նախագահները քննարկա՞ծ են Ասատի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հաւանական հանդիպումի նիւթը:
Թրքական որոշ լրատուամիջոցներ գրած էին, թէ Ասատ-Էրտողան բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ Ռուսիոյ մէջ:


