Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Արդարադատութեան Կարծիքով` Սալման Ռուշտին Դանակահարած Ծագումով Լիբանանցի Անձը «Յանուն Հըզպալլայի Ահաբեկչական Արարք» Գործած Է

July 26, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ լիբանանեան ծագումով ամերիկացի երիտասարդ Հատի Մաթարը, որ օգոստոս 2022-ին փորձած է Նիւ Եորք նահանգին մէջ սպաննել ամերիկացի-բրիտանացի գրող Սալման Ռուշտին, «յանուն Հըզպալլայի ահաբեկչական արարք գործեց»:

26-ամեայ Մաթար այժմ կը դատուի տեղական դատարանին մէջ Նիւ Եորք նահանգի, ուր երկու տարիէ ի վեր կալանաւորուած է, սակայն ան դաշնակցային հետապնդումի ենթակայ դարձաւ երեք ամբաստանութիւններով, որոնց շարքին` «օտար ահաբեկչական կազմակերպութեան մը աջակցութեան» յանցանքով:

Նշեալ ամբաստանութիւնները 17 յուլիսին հրապարակուեցան եւ չորեքշաբթի օր յայտարարուեցան արեւմտեան Նիւ Եորք Նահանգի դաշնակցային դատարանին կողմէ:

Սալման Ռուշտի 12 օգոստոս 2022-ին արեւմտեան Նիւ Եորք Նահանգին մէջ գրական դասախօսութեան մը ընթացքին Մաթարի կողմէ շուրջ 10 անգամ վիզէն, դէմքէն եւ փորէն դանակահարուեցաւ` 1988-ին իր գրած «Սատանայական տողեր» վէպին պատճառով:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր նախկին պետ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիմնադիր իմամ այաթոլլա սէյիտ Ռուհուլլա Խումէյնին 1988-ին Սալման Ռուշտին սպաննելու կրօնական հրամանագիր մը հրապարակած էր:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Երեսփոխան Ապու Ֆաուր Լիբանանցիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ «Փոխադարձ Քարկոծման Փոխարէն Երկխօսութիւն» Կատարելու

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.