Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

41-Ամեակ Լիզպոնի Գործողութեան. Լիզպոնի Հինգի Անմեռ Յիշատակին

July 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ ազատագրական պայքարի տարեգրութեան մէջ անջնջելի թուական մըն է 27 յուլիս 1983-ը:

Աշխարհի ուշադրութիւնը Հայ դատին վրայ սեւեռելու նպատակով, հայ յեղափոխական բանակի անդամ հինգ տղաք` Վաչէ Տաղլեան, Սեդրակ Աճէմեան, Սիմոն Եահնիեան, Արա Քրճըլեան եւ Սարգիս Աբրահամեան յարձակեցան Լիզպոնի թրքական դեսպանատան վրայ եւ ուժանակով պայթեցուցին ու օդը հանեցին շէնքը եւ այդպիսով իրենց գերագոյնը` դեռատի կեանքը նուիրեցին Հայ դատին:

***

Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ գործողութիւնը սկսաւ չորեքշաբթի, 27 յուլիս 1983-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Հինգ տղաքը դեսպանատան մօտ հասան պայթուցիկներով լեցուած երկու ինքնաշարժներով:

Անոնք նպատակադրած էին գրաւել դեսպանատունը եւ գերեվարել թուրք դեսպանը` այդ քայլով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան վրայ սեւեռելու համար:

Դեսպանատուն մտնելու փորձի ժամանակ բախում տեղի ունեցաւ պահակներուն հետ: Հրացանաձգութեան ընթացքին` ժամը 10:45-ին, շէնքի դրան առջեւ զոհուեցաւ Սիմոն Եահնիեան:

Վաչէ, Սեդրակ, Արա եւ Սարգիս շտապեցին դեսպանատան շէնքին յարակից դեսպանին նստավայրը, ներխուժեցին շէնքէն ներս եւ գերեվարեցին հոն գտնուող դեսպանատան կցորդին` Օսման Օզթիւրքին կինն ու տղան: Դեսպանատան աղբիւրներուն համաձայն, դեսպանը Լիզպոն չէր գտնուեր:

Ժամը 11:30-ին խումբը հեռաձայնով յայտարարեց, որ ոստիկանութեան միջամտութեան պարագային շէնքը պիտի պայթեցուի:

Փորթուգալի կառավարութիւնը` վարչապետ Մարիօ Սուարէշի գլխաւորութեամբ, արտակարգ նիստ գումարեց: Որոշուեցաւ ոստիկանական ուժ եւ հակաահաբեկչական մասնայատուկ ուժեր օգտագործել:

Ոստիկանութիւնը ժամը 12:15-ին շրջապատեց թաղը եւ փակեց դեսպանատան երթեւեկի ուղիները:

Հայ վրիժառուները կցորդին վիրաւոր կինն ու զաւակը ազատ արձակեցին: Անոնք շէնքէն դուրս ելան:

Հայ յեղափոխական բանակը ժամը 12:30-ին Փարիզի եւ Լիզպոնի քանի մը օրաթերթերու, տպագիր հաղորդագրութիւն մը ուղարկեց, ուր կ՛ըսուէր.

«Ազատասէր հայ երիտասարդները որոշած են անգործ չսպասել: Մենք ամէն ինչ կորսնցուցած ենք եւ այդ պատճառով որոշած ենք օդը բարձրացնել շէնքը ու մնալ փլատակներուն տակ: Ասիկա անձնասպանութիւն ու խելագարութիւն չէ, այլ բարձրագոյն նուիրաբերում` ազատագրական պայքարին: Թող միջազգային հանրութիւնը մեզ արկածախնդիր կամ ահաբեկիչ անուանէ` ոչինչ: Մենք որոշած ենք ուժի դիմել, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնն ու այլ երկիրներ, որոնք կը պաշտպանեն այդ իշխանութիւնը, կ՛ոտնահարեն հայ ժողովուրդին իրաւունքները: Հայ ժողովուրդը երկար սպասած է, որ միջազգային դատարանը գտնէ Հայկական հարցի լուծումը: Հայ ժողովուրդի կողմնորոշման միակ ելքը զինուած պայքար է: Նախնիներու ազատ եւ անկախ հայրենիքին մէջ ապրիլն ու զարգանալը հայ ժողովուրդին իրաւունքն է»:

Դեսպանի բնակարանի շէնքին վերի յարկին մէջ ժամը 13:00-ին հրդեհ բռնկեցաւ:

Ոստիկանութիւնը սեղմեց պաշարման օղակը եւ ժամը 13:45-ին յարձակեցաւ շէնքին վրայ: Քանի մը վայրկեան տեւած հրացանաձգութենէ ետք լսուեցան ուժեղ պայթումներ:

Շէնք մտնելով, ժամը 14:00-ին ոստիկանութիւնը փլատակներուն տակ գտաւ հայ վրիժառուներուն ածխացած դիակները:

Պետական աղբիւրներ ժամը 14:45-ին պաշտօնապէս յայտարարեցին գործողութեան աւարտը` տեղեկացնելով, որ «խումբի անդամներ ռումբի պայթումով անձնասպան եղան»:

Երկուշաբթի, 19 սեպտեմբեր 1983-ին, հինգ հերոսներուն մարմինները Լիբանան հասան:

Երեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Անոնց մարմինները Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ ամփոփուեցան:

Լիզպոնի Հինգը ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքներու զաւակներ էին: Անոնք ծնած եւ մեծցած էին հայահոծ թաղամասերու մէջ: Ազգին ու հայրենիքին ծառայելու անմնացորդ նուիրումով, հայօրէն ապրելու ու արարելու տեսլականով, եւ սեփական ուժերով արդարութեան եւ իրաւունքի չափանիշները վերականգնելու առաջադրանքով, գիտակից մահուամբ անոնք իրենք զիրենք զոհաբերեցին ազատութեան բագինին:

Յաւերժ փառք անոնց անմեռ յիշատակին:

 

 

Նախորդը

41-Ամեակ Լիզպոնի Գործողութեան. Լիսաբոնի Հինգը

Յաջորդը

Յիշատակարժան Մեր Տղաները (Լիզպոնի Հինգին)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.