Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուիս Մորենօ Օքամփոն Աշխարհի Հայերուն Համախմբուելու Եւ Պաքուի Յանցանքներուն Դէմ Արշաւ Սկսելու Կոչ Ուղղեց

July 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն ամբողջ աշխարհի հայերուն կոչ ուղղած է համախմբուելու եւ տեղեկատուական արշաւ սկսելու Պաքուի յանցանքներուն դէմ` այս պարունակին մէջ օգտագործելով նոյեմբերին Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան 29-րդ համաժողովը (ՔՈՓ29): Ան այս մասին գրած է բաց նամակ մը, որուն մէջ կը նշուի.

«Հայե՛ր, դուք` վերածնած 1915 թուականի Ցեղասպանութեան մոխիրներէն, կանգնած էք իբրեւ տոկունութեան եւ մարդկային յարատեւ ոգիի վկայութիւն: Այսօր դուք ունիք եզակի ուժ` պաշտպանելու արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը համաշխարհային ասպարէզին մէջ: Դուք կրնաք հանրայնացնել նախագահ Իլհամ Ալիեւի բոլոր չարաշահումները: Ան թիրախաւորած է իր քաղաքացիները Ազրպէյճանի մէջ եւ վայրագութիւններ իրականացուցած հայերուն դէմ Լեռնային Ղարաբաղ/Արցախի մէջ`  միաժամանակ կեղծաւորաբար իր երկիրը յառաջատար ներկայացնելով կլիմայական համաշխարհային քննարկումներու շրջագիծին մէջ:

«Կլիմայի փոփոխութեան հարցերով ՄԱԿ-ի 29-րդ համաժողովը (ՔՈՓ29), որ պիտի կայանայ այս նոյեմբերին Ազրպէյճանի մէջ, բացառիկ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ լոյս սփռելու այս լուրջ անարդարութիւններուն վրայ: Հակառակ անոր որ Ազրպէյճանը այս համաժողովը կը ներկայացնէ իբրեւ «խաղաղութեան համաժողով», սակայն հայերը պիտի բացայայտեն Ալիեւի վարչակարգին եւ անոր գործողութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը:

«Դուք, ցրուած ամբողջ աշխարհով մէկ, եզակի կարելիութիւն ունիք պաշտպանելու ոչ միայն ձեր ժողովուրդը եւ ձեր հողը, այլեւ արդարութեան եւ բնապահպանական ամբողջականութեան աւելի լայն շահերը: Դուք կրնաք գլխաւորել համաշխարհային շարժումը եւ ներգրաւել այլ շահագրգիռ համայնքներ` անդրադառնալով մեր ժամանակի երկու ամէնէն հրատապ խնդիրներուն` կլիմայի փոփոխութեան եւ ցեղասպանութեան», նշած է Օքամփօ:

Ան ընդգծած է, որ ՔՈՓ29-ի կայացման ընթացքին զինադադար հաստատելու մասին Ազրպէյճանի առաջարկը դատարկ է, քանի տակաւին Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներն ու միւս քաղաքական բանտարկեալները անվերապահօրէն ազատ չեն արձակուած:

«Բաւարար չէ պարզապէս քննարկել միջազգային իրաւունքի սկզբունքները. անոնք պէտք է աշխուժօրէն կիրարկուին: Հայ համայնքի ղեկավարները եւ քաղաքացիական գործիչները պէտք է համախմբեն աշխարհի քաղաքացիները` լրագրողներէն մինչեւ կլիմայի պաշտպանութեան գործիչներ, միջազգային իրաւունքի սկզբունքները կեանքի կոչելու համար: Օգտագործելով ժամանակակից արհեստագիտութիւնը` դուք կրնաք լսելի դարձնել ձեր ձայնը եւ ապահովել Կլիմայի փոփոխութեան եւ ցեղասպանութեան մասին հռչակագիրներու պահպանումը:

«Ես կը պաշտպանեմ քաղաքացիական շարժումի գաղափարը, որ կը հակասէ կեղծաւորութեան եւ կը պահանջէ իսկապէս խաղաղ ՔՈՓ29: Մեր առաջին քայլն է համախմբել աշխարհի հայ համայնքը եւ սկսիլ տեղեկատուական արշաւ` օգտագործելով #COP29 եւ #StopGreenwashGenocide հեշթեկները, եւ դուք կրնաք աւելցնել #FreeArmenianHostages կամ #FreePoliticalPrisoners հեշթեկները: Անոնց օգտագործումով ընկերային ցանցերու ամէնօրեայ գրառումները թափ պիտի ստանան, պիտի ներգրաւեն այլ համայնքներ եւ պիտի գրաւեն գլխաւոր լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը: Այս համակարգուած ջանքերը ՔՈՓ29-ին մասնակցող լրագրողներուն, պատուիրակներուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն պիտի ստիպեն Ազրպէյճանի առջեւ բարձրացնել հայ պատանդներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու վերաբերեալ հարցերը:

Նպատակը պարզ է. ՔՈՓ29-ը, որ իսկապէս հանդէս կու գայ խաղաղութեան օգտին, պէտք է նշանաւորուի Պաքուէն հայ պատանդներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումով: Պատրաստուեցէ՛ք, հայ համայնքնե՛ր, 23 յուլիսին իսկապէս պիտի սկսի խաղաղ ՔՈՓ29-ը:

«Դուք ունիք յանձնառութիւն եւ վճռականութիւն` ղեկավարելու այս փոխակերպիչ շարժումը: Համախմբելով համաշխարհային համայնքները` դուք կրնաք երաշխաւորել, որ ՔՈՓ29-ն անդրադառնայ  ոչ միայն կլիմայի փոփոխութեան, այլեւ պաշտպանէ մարդու իրաւունքները եւ արդարութիւնը:

Հայե՛ր, ժամանակն է ղեկավարելու շարժումը. Օգտագործեցէ՛ք ձեր ձայնը: Ես եւ շատ ուրիշներ պիտի հետեւինք ձեզի», եզրափակած է ան:

 

Նախորդը

Միլլըր. «Երեւանն Ու Պաքուն Կը Շարունակեն Զգալի Յառաջընթաց Արձանագրել Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Ուղղութեամբ»

Յաջորդը

ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ Հայ Դատի Համակարգին Աշխատանքները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.