Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը շարունակեն զգալի յառաջընթաց արձանագրել խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղղութեամբ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Մեթիու Միլլըր:
«Մենք յանձնառու ենք աջակցելու այս հոլովոյթին: Ինչպէս ըսած ենք, ասիկա խաղաղութեան ժամանակն է, եւ մենք կը շարունակենք աշխատիլ համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ», աւելցուցած է արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Պաքուն 22 յուլիսին յայտարարեց, որ կ՛առաջարկէ խաղաղութեան համաձայնագիրի հիմնական սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:
Հայաստան կը պնդէ, որ պատրաստ է մէկ ամսուան մէջ ամբողջացնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրն ու ստորագրելու զայն:


