ՖԻՏԷ-ի վարպետ Էրիք Գասպարեան դարձաւ Փոթիի միջազգային մրցաշարքի 17-րդ ախոյեան:
Արագ ճատրակի այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Վրաստանի մէջ, ուր Էրիք Գասպարեան 9 կարելի կէտերէն շահեցաւ 8 կէտ:
Մեծ վարպետ Լեւոն Պապուճեան 7,5 կէտ շահելով գրաւեց 3-րդ դիրքը: Մինչեւ 2000 կէտ ունեցողներու պայքարին 7 կէտեր շահող Սարգիս Նիազեան գրաւեց պարագլուխի դիրքը:
Մինչեւ 16 տարեկաններու մրցումներուն, 7 կէտեր շահած Վլատիմիր Շահինեան գրաւեց առաջին դիրքը: Մինչեւ 1700 կէտեր ունեցողներու մրցումներուն 6 կէտ ունեցող Արայիկ Եաւրեան գրաւեց առաջին դիրքը:


