Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհուրդը Հաստատեց Հայաստանի Հետ Մուտքի Արտօնագիրներու Ազատականացման Շուրջ Բանակցութիւններու Սկսելու Առաջարկը

July 19, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Տարիներ տեւած բանակցութիւններէ ետք այսօր Եւրոպական խորհուրդը ի վերջոյ հաստատեց Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ բանակցութիւններու սկսելու Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկը»: Այս մասին 17 յուլիսին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են դիւանագիտական աղբիւրները:

«Անդամ 27 երկիրներու հաւանութենէն ետք հարցը պիտի փոխանցուի Եւրոպական յանձնաժողովին, որ պիտի յայտարարէ, թէ ճիշդ ե՛րբ կը սկսին բանակցութիւնները եւ գործողութիւններու ի՛նչ ծրագիր կը դնէ Երեւանի առջեւ», կը բացատրէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի Եւրոպայի հարցերով խմբագիր Ռիքարտ Եոզվիաք:

Ատիկա կը նշանակէ, որ պիտի ներկայացուին կատարուած քայլերուն մասին տարեկան զեկուցումներ, որոնք պիտի շարունակուին քանի մը տարի:

Որոշ երկիրներու, օրինակ, Մոլտովայի պարագային, պահանջուեցաւ 3-էն 4 տարի, Վրաստանէն` 5, Ուքրանիայէն` 9: Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները 10 տարիէ ի վեր տակաւին կը շարունակուին, այնպէս որ ամէն երկիր տարբեր ձեւով կ՛անցնի այդ ճամբան: Ասիկա հոլովոյթի սկիզբն է, որ աւարտին հասցնելու համար ժամանակ պիտի պահանջուի:

Հայաստանի պարագային որոշումին մէջ կը նշուի` մուտքի արտօնագիրներու պահանջը պիտի վերցուի միայն անհրաժեշտ բոլոր չափանիշներու լիարժէք բաւարարման պարագային:

Ըստ Եոզվիաքի, իբրեւ կանոն, Պրիւքսելը կ՛առաջադրէ չորս հիմնական պահանջ` սահմաններու կառավարումէն մինչեւ կազմակերպուած յանցագործութեան ու փտածութեան դէմ պայքար. հիմնականին մէջ խօսքը ներքին խնդիրներու մասին է` փաստաթուղթերու անվտանգութեան, սահմաններու, ապօրինի ներգաղթեալները ետ ընդունելու, սակայն նաեւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Ասիկա հարիւրաւոր էջերէ բաղկացած ծաւալուն պահանջներու ցանկ մըն է, որ Հայաստանը պէտք է իրագործէ, եւ ատոր համար տարիներ պիտի պահանջուին:

Իբրեւ կանոն, անհրաժեշտ գործողութիւններու այդ ծրագիրը կազմելու եւ ներկայացնելու համար, Եոզվիաքի համաձայն, Պրիւքսելէն շուրջ կէս տարի կը պահանջուի, սակայն որովհետեւ յունիսին տեղի ունեցած Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններէն ետք նոր Եւրոպական յանձնաժողով տակաւին չէ ձեւաւորուած, կ՛ակնկալուի, որ Հայաստանի պարագային պահանջներու այդ ցանկը կը ներկայացուի կա՛մ այս տարեվերջին, կա՛մ միւս տարուան սկիզբը: Անոնք լիարժէք իրագործելէ ետք Հայաստան եւս մէկ կարեւոր խոչընդոտ պէտք է յաղթահարէ:

«Այս հարցին մէջ վերջնական որոշում տալու իրաւունք ունի երկու կառոյց. մէկը Եւրոպական խորհրդարանն է, ուր Հայաստանը անհրաժեշտ աջակցութիւնը ունի, երկրորդը` անդամ երկիրները: Բոլոր 27 անդամները պէտք է միասին իրենց համաձայնութիւնը տան, ինչ որ միշտ չէ, որ դիւրին է, որովհետեւ հիմա Եւրոպայի մէջ շարժում սկսած է ապօրինի ներգաղթի դէմ», բացատրած է «Ազատութիւն» կայանի զրուցակիցը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արման Եղոյեան յայտնեց. «Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագիրի ազատականացման երկխօսութեան սկսելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանին Եւրոպական խաղաղութեան գործիքակազմով աջակցութիւն տրամադրելու հարցերը ներառուած են Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի (նախարարներու խորհուրդի) 22 յուլիսի նիստի օրակարգին վրայ: Այս երկու հարցերուն վերաբերեալ որոշումները համապատասխանաբար պիտի տրուին այդ օրը»:

Նախորդը

Պայրամով Վերստին Կը Պնդէ, Թէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնն Է Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Խոչընդոտը

Յաջորդը

Երեւանն ու Պաքուն Զիրար Կը Մեղադրեն Լոնտոնի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը Տապալելու Համար

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.