Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանի յայտնեց. «Իսրայէլ Թեհրանի դաշնակիցներուն հետ իր պատերազմին մէջ կը պարտուի»: Պաքերի Քանի այս մասին յայտարարեց ամերիկեան «Նիուզուիք» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Ուաշինկթըն Իսրայէլին կը մատակարարէ մահաբեր զէնքեր, որոնք Կազայի բնակչութիւնը կը սպաննեն, եւ անիկա պարկեշտ միջնորդ մը չէ, եւ եթէ ամերիկացիները միջնորդութեան նկատմամբ անկեղծ են, ապա պէտք է դադրեցնեն Իսրայէլի զէնքերու յանձնումը», ըսաւ Քանի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ փորձէ պատերազմը դէպի այլ շրջաններ կամ Լիբանան ընդլայնել, ապա յաւելեալ վնաս պիտի կրէ, իսկ Թեհրան սիոնական վարչակարգին հնչեցուցած սպառնալիքներուն առջեւ ձեռնածալ պիտի չմնայ:


