Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Վճռական Է Շարունակելու Ընտրապայքարը

July 13, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց. «Վճռական եմ շարունակելու նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւնս»: Ան այս առնչութեամբ աւելցուց. «Պատրաստ եմ անգամ մը եւս ջիղերու բժիշկի կողմէ քննութեան ենթարկուելու»:

«Եւրոպացի պաշտօնակիցներէս ոչ մէկը ինծի թեկնածու չներկայանալու կոչ ուղղեցին ընդհակառակը` կ՛ըսէին, որ պէտք է յաղթեմ», նշեց Պայտըն:

Դեմոկրատական կուսակցութենէն 4 լաւատեղեակ աղբիւրներ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, թէ կը նախատեսեն, որ տասնեակներով դեմոկրատական օրէնսդիրներ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին Պայտընին նախագահական ընտրութենէն հեռանալու կոչ ուղղող հաղորդագրութիւններ հրապարակեն:

Աղբիւրները աւելցուցած են, որ նախապատրաստուած ծրագիր գոյութիւն ունի, եւ կարգ մը հաղորդագրութիւններ նախապէս գրուած են:

Բազմաթիւ աղբիւրներ «Սի.Պի.Էս.»-ին յայտնած են, թէ Ներկայացուցիչներու տան մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավարութիւնները այդ կառոյցի անդամ դեմոկրատականներուն յայտնած են, որ պէտք է իրենց տեսակէտները արտայայտեն:

Լաւատեղեակ այդ աղբիւրները պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ յառաջիկայ երեք կամ չորս օրերը «ծանր» պիտի ըլլան, եւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին որոշ պահու Պայտընի ընտրապայքարը շարունակելը կրնայ անկարելի դառնալ:

Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ Պայտընի ընտրապայքարէն դուրս գալուն պարագային փոխնախագահ Քամալա Հարիսը պիտի դառնայ զինք փոխարինելու գլխաւոր թեկնածուն եւ պիտի ստանայ կուսակցութեան 240 միլիոն տոլարի հասնող գանձարանին աջակցութիւնը. ինչ կը վերաբերի կանոններուն, ապա Դեմոկրատական կուսակցութեան ազգային յանձնախումբը կրնայ մեծապէս դիւրացնել անցումը:

Պայտընի ընտրական գրասենեակէն պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ«նախագահը պէտք է դուրս գայ նախագահական ընտրութենէն»` նշելով. «Պայտըն այժմ իրեն պատահողէն երբեք պիտի չառողջանայ»:

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի, «Էյ.Պի.Սի.»-ի եւ «Իփսոս»-ի կատարած նոր հարցախոյզի մը համաձայն, դեմոկրատականներուն կէսէն աւելին կ՛ուզեն, որ Պայտըն վերջ տայ իր ընտրապայքարին: Դեմոկրատականներուն շուրջ 56 առ հարիւրը եւ ընդհանուր առմամբ ամերիկացիներուն երկու երրորդը կ՛ուզեն, որ Պայտըն հեռանայ ընտրապայքարէն: Հարցախոյզի մասնակիցներուն կէսը նաեւ յայտնեցին, որ անոր հանրապետական մրցակից Տանըլտ Թրամփ եւս պէտք է ընտրապայքարէն դուրս գայ:

Նախորդը

Փեսքով. «Փութին Օրպանի Միջոցով Թրամփին Որեւէ Նամակ Չէ Փոխանցած»

Յաջորդը

Պերլին. «Հունգարիոյ Նախագահութիւնը Առաջին 12 Օրուան Ընթացքին Արդէն Մեծ Վնաս Հասցուցած Է Եւրոպական Միութեան»

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.