Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան իր երկրի Եւրոպական Միութեան նախագահութեան առաջին 12 օրուան ընթացքին արդէն իսկ մեծ վնաս հասցուցած է Եւրոպական Միութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Մենք պէտք է տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կը շարունակուի Հունգարիոյ (Եւրոպական Միութեան) խորհուրդի նախագահութիւնը», ըսած է նախարարութեան բանբերը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Պերլին ինչպէ՞ս կ՛արձագանգէ Օրպանի վերջին դիւանագիտական այցելութիւններուն, ներառեալ Չինաստան եւ Ռուսիա:
«Այսօր ընդամէնը 12 օր անցած է, սակայն անոնք (այցելութիւնները, «Ա.») արդէն մեծ վնաս հասցուցած են», ըսած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը 1 յուլիսին անցած է Հունգարիոյ: 2 յուլիսին Օրպան «խաղաղապահ առաքելութեամբ» նախ այցելեց Քիեւ, ապա Մոսկուա, ետքը Փեքին, ուրկէ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն` ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցելու, 11 յուլիսին ալ Ֆլորիտայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Յիշեցնենք, որ Օրպան իր շրջապտոյտի ընթացքին 6 յուլիսին բռնագրաւուած Շուշիի մէջ մասնակցած էր Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողովին:


