Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Փութին Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի միջոցով Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին որեւէ նամակ չէ փոխանցած: Այս մասին կը գրէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Ոչ մէկ նամակ կամ հաղորդագրութիւն փոխանցուած է` ո՛չ ալ գրաւոր, ո՛չ բանաւոր», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով` պատասխանելով համապատասխան հարցումին:
Ան աւելցուցած է, որ Օրպան Փութինին չէ տեղեկացուցած Թրամփի հետ հանդիպելու իր ծրագիրին մասին:
Հունգարիոյ վարչապետը հանդիպում ունեցած էր Թրամփի հետ եւ քննարկած ուքրանական տագնապի լուծման հարցը: Այս մասին ան յայտնած էր «Էքս»-ի վրայ:
«Այսօր պատիւ էր այցելել նախագահ Տանըլտ Թրամփին Մար-ա-Լակոյի մէջ: Մենք քննարկած ենք խաղաղութեան հասնելու ուղիները», ըսած էր Օրպան:
Հունգարիոյ վարչապետը աւելցուցած էր, որ Թրամփի վերընտրութեան պարագային «այս խնդիրը պիտի լուծուի», ինչ որ, ըստ Օրպանի, «լաւ նորութիւն է»:
Օրպան Միացեալ Նահանգներու նախկին ղեկավարին եւ նախագահական թեկնածուին հետ հանդիպումը կոչած էր «խաղաղութեան առաքելութիւն»: Վերջին օրերուն Օրպան իր խաղաղարար առաքելութեամբ այցելած էր Ուքրանիա, Ռուսիա եւ Չինաստան` փորձելով ռուս-ուքրանական տագնապին համար լուծում գտնել: