Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ հանդիպում ունեցաւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքարիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը, նախագահական թափուր աթոռին վերջ տալու նախաձեռնութիւններն ու այժմէական հարցեր:
Մքարի հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը, «եւ մենք Ռայիի հետ համամիտ ենք, որ նախագահի ընտրութիւնը պէտք է «լիբանանեան արտադրութիւն» ըլլայ»:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակին, «որ լիբանանցիներէն աւելի կ՛աշխատի, սակայն միայն ներքին հետաքրքրութենէ ետք արդիւնքի պիտի հասնինք: Քաղաքական ուժերուն, մասնաւորաբար ընտրութեան հոլովոյթին նախ եւ առաջ առնչակից քրիստոնէական ուժերուն կոչ կ՛ուղղենք` հրաժարելու իրենց անձնասիրութենէն: Թէեւ հանրապետութեան նախագահը բոլոր լիբանանցիներուն համար է, սակայն քրիստոնէական ուժերը պէտք է իրենք նախաձեռնեն եւ թեկնածու Սլէյման Ֆրենժիէի դիմաց լուրջ թեկնածուով խորհրդարան երթան: Այդ ատեն ոչ ոք կրնայ ընտրութեան հոլովոյթը մերժել կամ նիստը խոչընդոտել»:
Խօսելով հարաւային Լիբանանի կացութեան մասին` նախարարի պաշտօնակատարը ըսաւ. «Անցեալ շաբաթ դրական նախանշաններ կային, սակայն հարցերը խանգարուեցան ու զերօ կէտին վերադարձան: Մենք կը յուսանք, որ այդտեղ պատերազմը չզարգանայ, որովհետեւ ոչ ոք զայն կ՛ուզէ, մանաւանդ անոնց խոստացած ենք բարգաւաճ ամառ մը, եւ Լիբանան մեծաթիւ արտերկրի լիբանանցիներ ու զբօսաշրջիկներ կը սպասէ»:
Անդրադառնալով ելեկտրականութեան տագնապին` Մքարի ըսաւ. «Վարչապետին իրաքեան իշխանութիւններուն հետ հաղորդակցութեան ճամբով գոյացաւ լուծում մը, եւ տագնապը պիտի չքանայ շնորհիւ գործակցութեանը իրաքեան կառավարութեան, որուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք լիբանանեան կառավարութեան հետ համաձայնութիւն ստորագրած ըլլալուն համար»:


