Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոպախիծէ. «Եւրոպական Միութեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Որոշումները Չեն Համապատասխաներ Թիֆլիսի Ակնկալիքներուն»

July 12, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Վրաստանին պաշտպանական օգնութեան կասեցման առնչուած որոշումները չեն համապատասխաներ վրացական իշխանութիւններու ակնկալիքներուն: «Ազատութիւն» ձայանասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:

Վրաստանի վարչապետը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է. «Վերջին չորս տարիներու քաղաքական իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, այդ յարաբերութիւնները իսկապէս վերատեսութեան կարիք ունին»:

«Վրացական կողմը, մեր պետութիւնը, մեր կառավարութիւնը սկիզբէն մինչեւ վերջ պատրաստ եկած են, մենք կը սպասենք յաջորդ քայլերուն: Ի հարկէ, նման որոշումները արդիւնաւէտ չեն յարաբերութիւններու վերբեռնման համար: Յոյսով եմ, որ ապագային գործնապաշտ, խոհեմ, ճիշդ եւ արդար քայլեր պիտի ձեռնարկուին, ինչ որ պիտի օգնէ վերականգնելու Միացեալ Նահանգներու եւ Վրաստանի յարաբերութիւնները: Մենք սկիզբէն մինչեւ վերջ պատրաստ ենք ատոր», ըսած է Քոպախիծէ:

Պրիւքսել անցեալ օրերուն որոշած է սառեցնել Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը, նաեւ կասեցնել Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համար նախատեսուած 30 միլիոն եւրոյի յատկացումը:

Մինչ այդ ալ Միացեալ Նահանգները չեղեալ յայտարարած են վրաց-ամերիկեան տարեկան ռազմափորձերը: Փենթակոն յայտարարած է, որ որոշումը պայմանաւորուած է «Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան այլ կառոյցներու հասցէին կեղծ մեղադրանքներով»:

Նախորդը

Մոլտովան Սկսած Է Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Շուրջ Բանակցութիւններու 2-րդ Փուլը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կ՛ուզէ ՊՌԻՔՍ-ի Լիիրաւ Անդամ Դառնալ

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.