Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալանթ. «Գործարքը Պիտի Ամրապնդէ Մեր Ապահովական Շահերը. Պատրաստ Ենք Ֆիլատելֆիա Ճակատէն Մասնակիօրէն Հեռանալու Եւ Ռաֆահի Անցակէտը Վերաբանալու»

July 12, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցով յատուկ պատուիրակ Պրեթ ՄքԿըրքի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց, որ Իսրայէլ պատրաստ է իր ուժերը Ֆիլատելֆիա ճակատէն մասնակիօրէն հեռացնելու եւ վերաբանալու Կազայի ու Եգիպտոսի միջեւ Ռաֆահ սահմանային անցակէտը:

Ան շեշտեց, որ պէտք է զէնքերու մաքսանենգումը արգիլել եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին չարտօնել Ռաֆահի անցակէտ վերադառնալ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Կալանթ ՄքԿըրքի հետ քննարկած է համաձայնութեան հասնելու առիթը օգտագործելու կարեւորութիւնն ու «մնացեալ բացերը լեցնելու կարելիութիւնները»:

Կալանթ ՄքԿըրքի հետ քննարկած է Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ` զէնքերու դէպի Կազա մաքսանենգումը արգիլող լուծումի հասնելու համար երկխօսութեան ընթացքը:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու վերջին քանի մը օրուան ընթացքին իր մերձաւորներուն հետ քննարկած է Կալանթը պաշտօնազրկելու հարցը` նշելով. «Նեթանիահուն ու անոր մօտիկ խումբ մը կը ծրագրեն պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վստահիլ Պենի Կանցի կուսակցութենէն անջատուած Կիտէոն Սահարին»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը երէկ արշալոյսին Տոհայէն վերադարձած է` օրուան ընթացքին բանակցութիւններու շարունակութեան շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարելու:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը մէկ օր առաջ հաղորդած էր. «(Գերիներու) փոխանակման գործարքի ընդհանուր սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութեան գոյացման մօտ ենք: Նախարարաց սեղմ խորհուրդը վաղը ժողով պիտի գումարէ»` նշելով, որ իսրայէլեան յաւելեալ պատուիրակութիւններ Քաթար եւ Եգիպտոս պիտի այցելեն:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ եւ Համաս համաձայնած են, որ իրենք երկուքն ալ որեւէ համաձայնութեան երկրորդ փուլին Կազայի պիտի չիշխեն:

Նախորդը

Էրտողան. «Իսրայէլի Սպառնալիքները Պէտք Է Վերջ Գտնեն, Այլապէս Մեր Շրջանը Աւելի Խոր Տագնապներու Ծագումը Պիտի Դիմագրաւէ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.