Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հուրի Թորիկեանի Յիշատակին

July 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Հուրի՛,

Կոկոնի մը փթթումին կը նմանէիր նկարագիրիդ քնքշութեամբ: Քառասունհինգ տարի բաժնուած մնացինք, բայց այդ հեռաւորութիւնը բնաւ զգալի չեղաւ, անցեալին` միեւնոյն շէնքին մէջ, դուն` չորրորդ, ես` երրորդ, վեր վար, անվերջ միասին: Տարիներ ետք ճամբորդներու հետ նամակներ, բացիկներ սկսայ ղրկել ուրախութեամբ:

Այս մէկը արցունքով գրուած նամակ մը եղաւ…

Անվերջ` գրէ՛, Հերա, մի՛ դադրիր գրելէ, կ՛ըսէիր անուշ ձայնովդ, ասա՞նկ պիտի գրէի քու մասիդ, անուշիկ Հուրիս: Այս մէկը բնաւ մտքէս չէր անցներ, օրինակ մըն էիր ինծի համար քու կատարեալ հաւասարակշռուած նկարագիրովդ: Աշխատասէր, ժրաջան, ամէն մարզի մէջ ժիր ու հասնող, բարի, հասկցող, մտիկ ընող, լա՛ւ աշակերտ, լա՛ւ արենուշ, լա՛ւ մարզիկ, հետագային` լա՛ւ ԼԵՄ-ական, լա՛ւ ընկերուհի:

Գերզգայուն նկարագիրդ պատերազմի արհաւիրքին դիմաց վահան չգտաւ: Գաղթեցիք Ամերիկա, ու քանդուեցան ջիղերդ, հազարումէկ անհանգստութիւններու դէմ դրիր հաւատքով, համբերանքով, քաջաբար:

Շարունակեցինք գրել ու խօսիլ, յիշել Ճեմարանի պահակ տղոց եփած ճաշերնիս, ջարդած կաղամբնիս, իրարու մազ շտկելնիս: Տան դրան առջեւ սորված արաբերէն աշխարհագրութեան դասերնիս, Գոհարին բացատրութեամբ, եթովպիահայ ՀՄԸՄ-ական տղուն քազակ հիւսելնիս, կարդալնիս, որքա՜ն կարդացինք, գիրք-գիրք, քանի անգամ «Կայծեր», «Զարթօնք», Սրբուհի Տիւսաբի գիրքերը ձեռքէ ձեռք կ՛անցնէին…

Ծաղիկի թերթիկներու նման յուշերս կը պոկուին, ու սիրտս կը մղկտայ: Չե՛մ հաւատար, կը հաւատա՛մ, ազատեցաւ տառապելէ, ո՛չ, ինչո՞ւ ասանկ ըլլար, ձայնդ ականջիս է. «Լա՛ւ եմ, Հերա՛, լաւ եմ»:

Մայիս 5, կիրակի, հեռաձայնեցի, ինչպէս ամէն կիրակի, որքա՜ն լաւ խօսեցար եւ երկա՜ր, ուրախացայ, յաջորդ օրը բարի լոյսիս պատասխաներ էիր… սքանչելի արեւի պատկերով մը, տակը գրուած էր`

«Գրկէ լոյսը նոր օրուան մը»…

Դուն գացիր գրկելու լոյսը տիեզերքի` միանալով դասընկերներուդ` Սագոյին, Պիճիմին, Վերքինին, Նոնոյին, Լիլային, Անիին Գ., Մայտային…

Մտովին, տանս ամէն կողմ պատերուն վրայ Հուրի, Հուրի, Հուրի գրուած է կարծես, անվերջ կը խօսիմ հետդ, ի՜նչ հարուստ յուշերով լեցուն էր մեր անցեալն ու ներկան, հեռու, բայց մօտիկ:

Օրերը պիտի թաւալին, կեանքի երեւոյթներուն դէմ մտածումները աջ ու ձախ պիտի տանին զիս, պիտի անցնի ամէն բան, բայց ես մայիս 28-ն պիտի չմոռնամ բնա՛ւ:

 

 

Նախորդը

Հաւաքականն Ու Ազգայինը Գերադասող Հուրի Թորիկեան

Յաջորդը

Հուրի Թորիկեանի Յիշատակին*. Հուրիին Գիծը

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.