Ֆրանսան Հարաւային Կովկասի մէջ զինեալ մագլցումի հերթական փուլը կը հրահրէ, ատիկա կը հաստատէ Հայաստանին «Սեզար» հրետանիներու մատակարարման համաձայնագիրը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Ֆրանսայի ղեկավարութիւնը ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ ժողովուրդի շահերով կ՛առաջնորդուի: Փարիզը կը ձգտի երկիրներու մէջ կամ երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները, հակասութիւնները օգտագործել իբրեւ գործիք` սեփական նպատակներուն հասնելու համար», ըսած է Զախարովա:
Նշենք, որ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիեն Լըքոռնիւն 18 յունիսին յայտնած էր, որ Փարիզ կը շարունակէ ամրապնդել Հայաստանի հետ պաշտպանական յարաբերութիւնները:
«Նոր կարեւոր փուլ` «Սեզար» համակարգերու ձեռքբերման համաձայնագիրի կնքումով», «Էքս»-ի վրայ գրած էր Լըքոռնիւ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին իր կարգին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնեց. «Ես չեմ գիտեր շրջան մը, ուր արեւմտեան զէնքի մատակարարումները կը բարելաւեն կացութիւնը»:
Ան աւելցուց, որ յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կը վերաբերի Հարաւային Կովկասին:


