Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ իրական եւ տեւական խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման հիմնական պայմանը Ազրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի տարածքային յաւակնութիւններու դադրեցումն է: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
«Այդ պահանջները ամրագրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան բազմաթիւ իրաւական եւ քաղաքական փաստաթուղթերուն մէջ, մասնաւորաբար` Հայաստանի Սահմանադրութեամբ, որ ուղղակիօրէն յղում կը կատարէ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման կոչ կ՛ուղղէ», ըսած է ան:


