Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ասիական Երկիրներու Դեսպաններուն Ներկայացուց Հարաւի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներուն Պատճառած Վնասները

June 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ֆատի Ալամէի եւ մասնակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի ու յանձնախումբէն անդամներու, ինչպէս նաեւ ասիական երկիրներու եւ Աւստրալիոյ դեսպաններուն:

Յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ալամէ ժողովէն ետք յայտնեց, որ հանդիպումին ներկայ էին Հարաւային Քորէայի, Ղազախստանի, Հնդկաստանի, Ճափոնի, Պանկլատեշի, Մալեզիոյ, Ֆիլիփինի, Չինաստանի, Սրի Լանքայի, Փաքիստանի, Ինտոնեզիոյ եւ Աւստրալիոյ դեսպանները:

Դեսպաններուն ներկայացուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներուն գործած աւերին ծաւալին վերաբերեալ մանրամասն զեկուցում մը, զոր պատրաստած էր իտական հետազօտութիւններու խորհուրդէն Թամարա Զէյն:

Զեկուցումին համաձայն, Իսրայէլ աւելի քան 5000 յարձակում գործած է, եւ անոնց պատճառով արձանագրուած է աւելի քան 400 զոհ եւ 15 հազար վիրաւոր:

«Երբ արաբական, եւրոպական, Ամերիկայի եւ Քանատայի դեսպաններուն հետ մեր հանդիպումները աւարտենք, այս ամփոփագիրը իբրեւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբ պիտի ներկայացնենք խորհրդարանին, նախագահ Պըրրիին, ապա պիտի դիմենք վարչապետութեան, որպէսզի նկատի առնուի կառավարութեան ծրագիրին մէջ, երբ պատերազմը դադրի», ըսաւ երեսփոխան Ալամէ:

 

 

Նախորդը

Լիֆ. «Պատերազմէն Ետք Համասը Իշխանութենէն Հեռացնելը Դժուար Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

Լիֆ. «Դիւանագիտութիւնը Լուծման Միակ Ուղին Է»

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.