Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վերականգնում` Խաղի Միջոցով» Ծրագիրի Մեկնարկ

June 19, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 7 յունիս 2024-ին «Գարակէօզեան» հաստատութենէն ընթացք առաւ «ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ ԽԱՂԻ ՄԻՋՈՑՈՎ» ծրագիրի մեկնարկի նախագիծը` ներկայութեամբ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար տոքթ. Ֆիրաս Ապեատի, Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Քրիսթոֆր Վիվիքի, ԵՈՒՆԻՍԵՖ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ` «ԼԵԿՕ» միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն:

Այս ծրագիրին հիմնական նպատակն է երեխաներուն տրամդրել ապահով միջավայր եւ միջոցներ` խաղալու, սորվելու, ինքնադրսեւորուելու եւ արտայայտուելու համար:

Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին կողմէ: Անոնք տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ ունեցան միացեալ ժողով, որուն ընթացքին քննարկեցին Առաջնակարգ առողջապահական կեդրոններու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի մէջ մանուկներու մտային եւ ֆիզիքական առողջութեան կապուած հարցերն ու անոնց լուծումները:

Ժողովի աւարտին պատուիրակութիւնը, Սերոբ Օհանեանի ընկերակցութեամբ, շրջագայեցաւ հաստատութեան զանազան բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացաւ գետնի վրայ կատարուող աշխատանքներուն, եւ  ուշադրութիւնը կեդրոնացուց յատկապէս մանկաբուժարանի բաժնի վրայ. պատուիրակութեան անդամները դիտեցին բաժանմունքին ստեղծած փորձառական  հիւրընկալ միջավայրը, ուր մանուկները եւ իրենց մայրերը կու գան սովորական ստուգումներու  կամ պատուաստումներու համար:  Անոնք հետեւեցան, թէ ինչպէ՛ս մանուկները` նախքան մանկաբուժի մօտ մտնելը, կը խաղան ԼԵԿՕ-ի հաւաքածոներու հետ` յատուկ առաջնորդի հսկողութեամբ: Այս փորձառական խաղաժամանակը կազմակերպուած է փոքր խումբերով, ուր իւրաքանչիւր խումբ կը ստանայ յատուկ ցուցմունք, ուղղութիւն եւ բացատրութիւն, բաղկացած ոչ աւելի քան հինգ փոքրիկներէ` ապահովելով անհատական ուշադրութիւն, մտային կեդրոնացում եւ ընկերային մթնոլորտ:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Աբրահամ Գասպարեանը Ազգի Երկնակամարին Վրայ Չխամրող Ասուպ Մըն Է

RelatedPosts

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով
Գաղութային

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով

October 24, 2026
«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս
Գաղութային

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս

October 24, 2026
Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ.  «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը
Գաղութային

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ. «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.