Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ), անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Հայաստանի կազմակերպութենէն հաւանական դուրս գալուն մասին վերջին յայտարարութիւններուն, կը կարծէ, որ Երեւան կը մնայ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Մենք կը կարծենք, որ հակառակ ՀԱՊԿ-ի միջոցառումներուն Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութեան նկատելի նուազման, ան կը մնայ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ», ընդգծած է ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնը:
ՀԱՊԿ-ն ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի բացատրութիւններուն վրայ, ըստ որուն, Փաշինեանը նկատի չէ ունեցած, որ Հայաստանը դուրս կու գայ ՀԱՊԿ-էն:


