Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) Հայաստանի դուրս գալու հաւանական որոշումը պիտի չազդէ կազմակերպութեան պաշտպանունակութեան վրայ, անիկա միայն պիտի ազդէ Հայաստանի պաշտպանունակութեան վրայ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած է Տումայի պաշտպանութեան յանձնախումբի ղեկավար Անտրէյ Քարթափոլով:
«Ասիկա միայն Հայաստանի պաշտպանունակութեան վրայ պիտի ազդէ եւ ոչ մէկ այլ բանի, ուստի, ի հարկէ, այս որոշումը հայկական կողմինն է: Սակայն հարցը այն է, որ, ցաւօք, որոշումը պիտի տայ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը, որ հայ ժողովուրդի շահերով չ՛առաջնորդուիր, ասիկա ողբերգութիւն է», ըսած է Քարթափոլով:
Ռուս երեսփոխանին համաձայն, Ռուսիան յոյս ունի, որ ողջախոհութիւնը պիտի յաղթէ ինքնին հայ ժողովուրդին, եւ ոչ թէ երկրի ղեկավարութեան մօտ:


