Ոչ ոք Հայաստանը եւ Ուքրանիան Եւրոպական Միութեան մէջ կը սպասէ, Արեւմուտքը մտադիր չէ զանոնք հրաւիրել Միութիւն: Այս մասին «Ռոսիյսքայա կազեթա»-ի համար գրած յօդուածին մէջ ըսած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ:
Ան նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամութիւնը, որ ամրապնդուած է բոլոր տեսակի դաշինքներուն մասնակցութեամբ, «աչք ծակած է» արեւմտեան երկիրներու համար: Այդ պատճառով, ըստ Մետվետեւի, Ուաշինկթընն ու անոր դաշնակիցները բոլոր ջանքերը գործադրած են այս միութիւնը քանդելու համար` Երեւանին «ոսկիի սարեր» խոստանալով:
«Սակայն չ՛արժեր ինքնախաբէութեամբ զբաղիլ. նման խոստումները պարզապէս խայծ են նոր գաղութային թակարդի մէջ: Ոչ ոք մտադիր է «ընտրեալներու ակումբ»-ի դռները բանալ հայ ժողովուրդին առջեւ. հարցուցէք նոր բանդերականներուն` արդեօք անոնք յաջողեցա՞ն անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան: Ոչ, եւ յառաջիկային ալ անոնք ատիկա պիտի չստանան: Եւ առհասարակ երբեւէ պիտի ստանա՞ն», գրած է Մետվետեւ:


