Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ընտրութիւններուն Մէջ Իր Կուսակցութեան Կրած Ծանր Պարտութենէն Ետք. Մաքրոն Խորհրդարանը Լուծարեց Եւ Նոր Ընտրութիւններ Նշանակեց

June 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն կիրակի գիշեր լուծարեց իր երկրի Ազգային ժողովը` Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն մէջ ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային միաւորում»-էն իր կուսակցութեան` «Վերածնունդ»-ի կրած ջախջախիչ պարտութենէն ետք:

Ֆրանսայի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլը տեղի պիտի ունենայ 30 յունիսին, իսկ երկրորդը` 7 յուլիսին:

«Ֆրանսան խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ ակնյայտ մեծամասնութեան կարիք ունի: Հոգիի խորքին մէջ ֆրանսացի ըլլալը կը նշանակէ ընտրութիւն կատարել յօգուտ պատմութիւն գրելու, եւ ոչ թէ ատով առաջնորդուելու», ըսած է Մաքրոն:

«Ազգային միաւորում» կուսակցութեան կողմնակիցները իրենց յաղթանակը կը տօնէին, երբ Մաքրոն յայտարարեց խորհրդարանը լուծարելու մասին, ինչի մասին կուսակցութիւնը կոչ ուղղած էր, որովհետեւ յստակ դարձած էր իր յաղթանակի ծաւալը: Անոնք վանկարկած են` «Լուծարում, լուծարում»` հետեւելով Մաքրոնի արտասանած խօսքին, որմէ քիչ ետք խօսք արտասանեց «Ազգային միաւորում»-ի երկարամեայ ղեկավար Մարին Լը Փենը: «Ես կրնամ միայն ողջունել այս որոշումը, որ կը համապատասխանէ 5-րդ Հանրապետութեան տրամաբանութեան եւ ճարտարապետութեան», իր խանդավառ հետեւորդներուն ըսաւ ան: Ըստ անոր, Եւրոպական Միութեան ընտրութիւններու արդիւնքները պէտք է ազդանշան ծառայեն Պրիւքսելին եւ «վերջ դնեն համաշխարհայնացումի այս ցաւալի դարաշրջանին»:

«Մենք պատրաստ ենք իշխանութիւնը ստանձնելու, եթէ ֆրանսացիները յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն մեզի վստահին», ըսաւ ան` խոստանալով յաղթանակի պարագային «կրկին կենսունակ դարձնել Ֆրանսան»:

«Այս պատմական քուէարկութիւնը ցոյց կու տայ, որ երբ մարդիկ կը քուէարկեն, մարդիկ կը յաղթեն», յայտնեց Լը Փեն:

Նախորդը

Ֆիտանն Ու Պայրամովը Շրջանային Հարցեր Քննարկած Են

Յաջորդը

Պլինքըն. «Համաձայնութեան Միակ Խոչընդոտը Համասն Է»

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.