Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Ներկայացուց Նախընտրական Իր Կայքէջը` www.arf2012.am

April 13, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ քարոզչական յանձնախումբի անդամները երէկ ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ներկայացուցին arf2012.am հասցէով խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզչութեան նպատակով ստեղծուած ՀՅԴ-ի կայքէջը:

«Մեր քարոզարշաւը միշտ այսպէս աշխուժ պիտի ըլլայ եւ մենք բոլոր կարելի ձեւերը եւ միջոցները պիտի օգտագործենք, որպէսզի ընտրողին հետ անմիջական կապով իրականացուող կարգավիճակ ըլլայ, ընտրողներուն բազմաթիւ կարելիութիւններ ընձեռնուին մեզի դիմելու զիրենք յուզող հարցումներով եւ գնահատելու մեր խօսքը, մեր ներկայացուցած ծրագիրները: Անով մենք նաեւ շտկումներ պիտի մտցնենք մեր ընթացքին մէջ, որովհետեւ այս ամէնուն իբրեւ արդիւնք պիտի ձեւաւորուի այն հիմնական ծրագիրը եւ հայեցակարգը, որով Դաշնակցութիւնը պէտք է Ազգային ժողովին մէջ հետապնդէ դրուած բոլոր հարցերուն լուծումը», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Ան ընտրողներուն կոչ ուղղեց աշխուժօրէն օգտագործելու կայքէջի կարելիութիւնները եւ Դաշնակցութեան դիմելու զիրենք յուզող հարցումներով, ինչպէս նաեւ խոստացաւ, որ դրուած բոլոր հարցումները պատասխան պիտի ունենան:

ՀՅԴ քարոզչական յանձնախումբի անդամ Վահան Վարդանեան ներկայացուց կայքէջի արհեստագիտական կարելիութիւնները: Կայքէջին մէջ պիտի տեղադրուին քարոզարշաւի բոլոր լուրերը եւ նորութիւնները: Այսինքն` անիկա կրնայ շատ օգտակար դառնալ ոչ միայն քաղաքացիներուն, այլեւ լրագրողներուն համար, քանի որ այնտեղ կայ ձեռնարկներու բաժինը, որուն մէջ կը ներկայացուի, թէ ի՛նչ հանդիպումներ, ձեռնարկներ եւ իրադարձութիւններ տեղի պիտի ունենան:

Կայքէջին վրայ տեղադրուած են նաեւ ՀՅԴ նախընտրական հռչակագիրը եւ նախընտրական ծրագիրը: Կայ նաեւ «Յետադարձ կապ» բաժինը, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ որեւէ հարցում յղել եւ անոր պատասխանները ստանալ:

Առանձին բաժին կայ նախընտրական կեդրոններուն վերաբերեալ. «Կուկըլ մափ»-ով նշուած են Հայաստանի ամբողջ տարածքին մէջ գործող Դաշնակցութեան նախընտրական կեդրոններու տեղերը, հասցէները, պատասխանատուները, կապուելու հասցէները եւ հեռախօսի թիւերը:

Կայքէջին վրայ տեղադրուած են ՀՅԴ թեկնածուներու համամասնական եւ մեծամասնական ցուցակները` թեկնածուներու լուսանկարներով եւ կենսագրութիւններով: Կան նաեւ պատկերասրահի եւ տեսանիւթերու բաժինները, ուր կը տեղադրուին բոլոր տեսագրութիւնները եւ լուսանկարները:

Կայքի արհեստագիտական աշխատանքները իրականացուցած է «Սթիւտիօ Ուան» ընկերութիւնը, որուն նախագահ Գէորգ Գադուկեան նշեց, որ կայքէջը ունի եռաստիճան պաշտպանուածութիւն եւ շատ պարզ ու հասկնալի է օգտագործման համար:

 

 

 

Նախորդը

«ՀՅԴ-ն Իր Պատասխանատուութենէն Չի Հրաժարիր» Կ՛Ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

Շուէտի Խորհրդարանը 9 Մայիսին Պիտի Քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.