Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 19 – Էջեր Զուգահեռ Օրատետրէս» Հատորը

June 7, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դարձեալ առցանց լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի նոր հատորը` «Ոստայն 19-էջեր զուգահեռ օրատետրէս»:

Ան կը բովանդակէ  օրագրական բնոյթի 48 յօդուածներ, մեծ մասամբ` անտիպ:

Բայց ինչո՞ւ «զուգահեռ օրատետր»: Իր ներածական «Բացատրութիւն մը» գրութեան մէջ հեղինակը կը գրէ. «Սովորական օրատետրս կը բովանդակէ չոր ու ցամաք արձանագրութիւններ` տուեալ օր մը ի՛նչ ըրի, ի՛նչ ժողովի մասնակցեցայ, կամ ի՛նչ ձեռնարկի ներկայ եղայ, ի՛նչ գրեցի եւ այլն: Գրեթէ առանց բայերու գործածութեան: Բայց պահած եմ նաեւ քովնտի օրատետրեր, ուր արձանագրած եմ  յատուկ իրադարձութիւններու եւ ուղեւորութիւններու պատումներ, կամ` փոքր անդրադարձներ, որոնք կրնան նաեւ առնչուիլ ընթերցողին, կապ մը ունենալ ի՛ր կեանքին հետ, հետաքրքրե՛լ զինք, երբեմն նաեւ` թարգմանը հանդիսանալ իր ալ ապրումներուն»:

Ուրիշներ նման պարագաներու իրենց հատորներուն տուած են «Անկապ օրագիր», «Ընդհատ էջեր» եւ այլ տիտղոսներ, Վրէժ-Արմէն պարզապէս «Էջեր զուգահեռ օրատետրէս» կոչած է զայն:

Այս էջերը կը սկսին 1955-էն` պատանի տարիքին ծնողքին հետ Լիբանան կատարած արձակուրդի մը տպաւորութիւններէն ու կ՛աւարտին տակաւին այս անցնող Զատկին, իբրեւ մեծհայր-մեծմայր, զաւակ ու թոռնիկներ տեսնելու համար Լոս Անճելըս կատարուած ճամբորդութեան մը դրուագներով: Այդ երկու թուականներուն միջեւ պատմուած են բազմաթիւ ուղեւորութիւններ, բայց նաեւ օրին արձանագրուած են զանազան յատկանշական առիթներով հեղինակին ունեցած մտորումները, մանաւանդ մեզ մտահոգող հարցերու կամ երեւոյթներու մասին մտածումները` արտայայտուած անկաշկանդ` «առանց դիմակի»: Ան դիտել կու տայ, որ` «Շատ թեթեւ վերամշակման ենթարկեցի զանոնք, մասնաւորաբար` լեզուական, ուղղագրական առումով: Զեղչեցի` ինչ որ շատ անձնական բնոյթ ունէր, քիչ մը պահելով հանդերձ այդ անձնականն ալ»:  Առատ լուսանկարներ կ՛ընկերանան ուղեւորական յօդուածներուն:

Այս հատորը եւս, կ՛ըսէ Վրէժ-Արմէն, ձեւով մը «շարունակութիւնը կրնայ համարուիլ յատկապէս «Ոստայն 4- իմ ուղեպատումը» գրքիս, ինչպէս նաեւ` նման պատումներ բովանդակող միւս «Ոստայն»-ներուս»:

Այս եւ բոլոր միւս հատորները, բացի առաջին երեքէն, կարելի է կարդալ այստեղ` https://hayerenblog.wordpress.com / «Գիրքեր» բաժինին մէջ:

 

Նախորդը

Բազում Ջանք Վասն…

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ Առողջապահական Դասախօսութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.